Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ. «Կեդրոնական Դրամատան Իրաւական Հաշուեքննութեան Սկզբնական Տեղեկագիրը Պահուած Է»

Յուլիս 3, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ ընկերային ցանցերու վրայ զետեղուած տեսանկարահանումի մը ընդմէջէն յայտնեց, որ Կեդրոնական դրամատան իրաւական հաշուեքննութեան սկզբնական տեղեկագիրը պահելու քայլին մէջ ամէնէն վտանգաւոր իրականութիւնը այն է, թէ Լիբանանի մէջ չկայ հեղինակութիւն, այսինքն` հանրապետութեան նախագահ, լիիրաւ գործող կառավարութիւն, հաշուետուութեան կանչող խորհրդարան, «այլ` կայ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ մը, որ ամբաստանեալ է», ըսաւ ան:

Պասիլ շեշտեց, որ ներկայիս երկիրը կառավարող իշխանութիւնը շատ աւելի զօրաւոր է, քան պետութիւնը: Ան դիտել տուաւ, որ տեղեկագիրը պահելու իմաստով տրուած արդարացումները շատ աւելի տգեղ են, քան յանցանքը: «Իսկ սկզբնական տեղեկագիրը պահուած է, որովհետեւ ան կը բովանդակէ քրէական փաստեր եւ կը ճշդէ պատասխանատուութիւններ:

«Այնքան ատեն որ տեղեկագիրը փակ դարակներու մէջ կը մնայ, ապա երկրին բարեկարգումները խոչընդոտուած կը մնան», հաստատեց ան:

Պասիլ նկատել տուաւ, որ տեղեկագիրը փոփոխութեան ենթարկելը նաեւ վտանգաւոր է` աւելցնելով, որ ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլ պատասխանատուութիւնը փոխանցած է կառավարութեան, հետեւաբար բոլոր նախարարները մասնակից են գործուած ոճիրին` տեղեկագիրը պահելու մասին իրենց լռութեամբ:

«Մենք լուռ պիտի չմնանք եւ պիտի յաջողինք ազատագրել սկզբնական տեղեկագիրը, ինչպէս նաեւ շարունակել վերջնական տեղեկագիրի պատրաստութիւնը», եզրափակեց ան:

Նախորդը

«Օգտակար Է, Որ Հայաստան Կազմակերպէ Միջազգային Խորհրդաժողով Մը` Արեւելքի Մէջ Փոքրամասնութիւններուն Աւանդները Պաշտպանելու Հարցով» Շեշտեց Տիգրան Եկաւեան

Յաջորդը

Միքաթի Կատարեց Իր Ուխտագնացութիւնը

RelatedPosts

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»

Հոկտեմբեր 28, 2025
Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց
Գլխաւոր լուրեր

Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?