Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

July 3, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 91.000 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի հարթակը` 86.200 լ. ոսկի:

ՇԻԻ համայնքի գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ կոչ ուղղեց կառուցելու քաղաքացիական երկիր մը, ուր կը գործադրուին վարչակարգի բարեկարգումները` հանրապետութեան նախագահը համախոհաբար ընտրելէ ետք:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան առումով Ֆրանսա իր նախաձեռնութենէն չէ հրաժարած:

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապի շեշտեց, որ կարելի չէ աշակերտ մը ուսումէ զրկել, որովհետեւ անոր ծնողները ի վիճակի չեն կրթաթոշակը ամերիկեան տոլարով վճարելու:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը թռիչքներ գործեց հարաւային Լիբանանի, յատկապէս Նապաթիէի, Պընթ Ժպէյլի եւ Մերժահիունի վերեւ` ոտնձգութիւն գործելով լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ եւ խախտելով Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութիւնը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Հանի Քպայսի յայտնեց, որ իրենք պատրաստ են երկխօսութեան կառչած մնալու իբրեւ միակ միջոց եւ պատգամ, որ կը համախմբէ լիբանանցիները եւ ոչ թէ զանոնք իրարմէ կը հեռացնէ:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Սաժիհ Աթիէ յայտնեց, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանը ամէնօրեայ դրութեամբ 30 հազար այցելու կը հիւրընկալէ:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա մաղթեց նախագահական ընտրութեան թղթածրարին լիբանանականացումը` աւելցնելով, որ ներքին համաձայնութիւններու յանգելու իմաստով դժուարութիւն կայ, «սակայն միաժամանակ ներքին լիբանանեան երկխօսութենէն բացի այլընտրանք գոյութիւն չունի` արդիւնքի մը կամ լուծումի մը յանգելու համար», շեշտեց ան:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Խրէյս յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի միշտ պիտի շարունակէ աշխատիլ` երկրին քաղաքական տագնապին դրական ելքեր ապահովելու ուղղութեամբ:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ժորժ Աթալլա Սուրիոյ մէջ գերմանացի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան Շնեքին ուղղելով իր խօսքը կոչ ուղղեց, որ ՄԱԿ-ի յանձնակատարները սուրիացի տեղահանուածներուն յատկացուած գումարները անոնց վճարեն Դամասկոսի մէջ: Աթալլա շեշտեց նաեւ, որ տեղահանուածներու թղթածրարին առումով միջազգային ընտանիքը Լիբանանի դէմ դաւադրութիւն կը գործէ:

 

 

Նախորդը

Աբխազիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Ռուս Ծերակուտականի Ուղեկցութեամբ Այցելած Է Բռնագրաւեալ Հիւսիսային Կիպրոս

Յաջորդը

Լիբանանցի Դերասան Ասաատ Մահացաւ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.