Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պու Հապիպ Պորելին Յղեց Եւրոպական Խորհրդարանին Որոշումը Դատապարտող Նամակ Մը

Յուլիս 21, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ Եւրոպական Միութեան փոխնախագահ, արտաքին յարաբերութիւններու եւ ապահովական քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորելին յղեց նամակ մը, որուն մէջ խստիւ դատապարտեց Եւրոպական խորհրդարանին տուած 12 յուլիս 2023-ի որոշումը, որ կը վերաբերի սուրիացի տեղահանուածներուն եւ այլ հարցերու:

Իր նամակին մէջ Պու Հապիպ անհրաժեշտ նկատեց Լիբանանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ շինիչ եւ ընդարձակ երկխօսութեան մը սկսիլը` տարբեր հարցերու, յատկապէս սուրիացի տեղահանուածներուն շուրջ:

Պու Հապիպ ընդգծեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը ոչ միայն կը սպառնայ լիբանանեան ընկերային հիւսուածքին եւ տնտեսական կայունութեան, այլեւ` իբրեւ գոյացութիւն Լիբանանի գոյութեան:

Պու Հապիպ հաստատեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ իր իրաւունքներուն եւ պատասխանատուութիւններուն` դիւրացնելու համար սուրիացի տեղահանուածներուն ապահով եւ արժանապատիւ տունդարձը` միջազգային օրէնքները յարգելով, ինչպէս նաեւ լիբանանեան սահմանադրութեան չհակադրուելով:

Պու Հապիպ անհրաժեշտ նկատեց, որ միջազգային հասարակութիւնը աշխատի լուծել սուրիացիները տեղահանուածներու վերածելու մղող պատճառները, ինչպէս նաեւ ապահովել երկրին ենթակառոյցն ու բարելաւել Սուրիոյ ընկերային պայմանները` դիւրացնելու համար տեղահանուածներու տունդարձը:

Պու Հապիպ շեշտեց նաեւ Լիբանանի պատրաստակամութիւնը` երկխօսութիւն մը սկսելու Եւրոպական խորհրդարանին հետ` նպատակ ունենալով մշակել սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի ուղեգիծ մը:

ՄԻՒՍ կողմէ, Պաալպեք-Հերմելի նահանգապետ Պաշիր Խտըր յայտնեց, որ Պաալպեք-Հերմելի մէջ երեք ծնունդներէն երկուքը սուրիացի են, իսկ մէկը լիբանանցի, ինչ որ ինքնին վտանգաւոր ցուցանիշ է:

 

Նախորդը

Խորհրդարանին Մէջ. Կեդրոնական Դրամատան Փոխկառավարիչները Ներկայացուցին Ելեւմտական Ծրագիր Մը

Յաջորդը

Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբ. «Եւրոպական Խորհրդարանին Որոշումը Կը Հակադրուի Լիբանանեան Սահմանադրութեան Եւ Գաղթականներու Ժընեւի Համաձայնագիրին»

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան  Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»

Օգոստոս 19, 2025
Հաժ Հասան. «Ուաշինկթըն Մեզի Սպառնաց  Լիբանանը Պիլատ Շամին Կցելով, Եթէ Ամերիկեան  Փաստաթուղթը Չընդունինք»
Լիբանանեան

Հաժ Հասան. «Ուաշինկթըն Մեզի Սպառնաց Լիբանանը Պիլատ Շամին Կցելով, Եթէ Ամերիկեան Փաստաթուղթը Չընդունինք»

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?