Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

July 24, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 92.800 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութեան հանրային կապերու նախագահ զօր. Ժոզեֆ Մսալլեմ յայտնեց, որ իրենց համար ներկայիս առաջնահերթութիւն է երեխաներու թղթածրարին հետապնդումը` աւելցնելով, որ երեխայի մը դէմ գործուած բռնութեան մասին կարելի է բողոք ներկայացնել խնդրոյ առարկային գտնուած ամէնէն մօտիկ ոստիկանատան, կամ հեռաձայնել 1745 թէժ գիծին` որեւէ տեսակի ընտանեկան բռնութեան պարագային:

ԴՐԱՄԱՏՈՒՆԵՐՈՒ պաշտօնեաներու սենտիքային մօտիկ աղբիւրներ հաղորդեցին, որ դրամատուներու պաշտօնեաները կը մերժեն այս շաբթուան ընթացքին աշխատանքի ներկայանալ` նկատի ունենալով դրամատուներուն դէմ գործուած ներխուժումները, ինչպէս նաեւ իրենց անվտանգութեան երաշխաւորումը: Նոյն աղբիւրները ընդգծեցին պաշտօնեաները պաշտպանելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ համապատասխան դասաւորումներու որդեգրումը` իրենց ապահովութեան համար: «Այլապէս` մագլցողական քայլերու դիմելը հաստատ պիտի ըլլայ», ընդգծեցին նոյն աղբիւրները:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա յայտնեց, որ Լիբանանի տագնապի լուծման նպատակով Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի անձնական ներկայացուցիչ Ժան Իվ Լը Տըրիան Լիբանան պիտի այցելէ երեքշաբթի, 25 յուլիս 2023-ին եւ պիտի մեկնի հինգշաբթի, 27 յուլիս 2023-ին: Ապի Ռամիա յայտնեց, որ ցարդ ժամադրութիւններ չեն ճշդուած` աւելցնելով, որ Լը Տըրիանի այցելութիւնը կը միտի հաստատել, որ Ֆրանսայի համար կարեւոր է Լիբանանը: Ապի Ռամիա նկատել տուաւ նաեւ, որ երկխօսութեան հարցը փակուած է:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ իսրայէլեան թշնամի ուժերը պէտք է հեռանան լիբանանեան հողերէն` աւելցնելով, որ այս մասին Դիմադրութիւնը լուռ չի կրնար մնալ: Ան հաստատեց, որ իրենք կը փափաքին ընտրել հանրապետութեան նախագահ մը, որ կը պաշտպանէ Դիմադրութիւնը, եւ նուազագոյնը` անոր կռնակէն չի հարուածեր:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն միջեւ փոխըմբռնումը անհրաժեշտութիւն մըն է երկրին տագնապներէն դուրս գալու: Ան կարեւոր նկատեց նաեւ, որ սուրիական իշխանութիւններուն հետ համաձայնութիւն մը գոյացուի` տեղահանուածներու տունդարձին առումով:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա շեշտեց, որ իրենք չեն փափաքիր սադրանքներու յանգիլ, ո՛չ ալ կ՛ուզեն քաղաքացիական անվտանգութիւնը խախտել եւ կամ ազգային համերաշխութեան կամ գոյակցութեան ուխտը խզել:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Տահեր պահանջեց ամերիկեան տոլարի փոխարժէքը 92.000 լ. ոսկիի հիման վրայ հաստատել: Ան շեշտեց, որ եթէ բոլորը զլանան իրենց պատասխանատուութիւնը ստանձնել, ապա դժոխքին դռները պիտի բացուին բոլորին դիմաց:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ֆարիտ Հայքալ Խազեն հայր Էտմոն Ռըզքը շնորհաւորեց` Մարոնի միաբանութեան աբբահայր նշանակուելուն առիթով:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Ալաուի յայտնեց, որ Եգիպտոսի սկզբունքային կեցուածքը այն է, թէ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը կը կատարուի խորհրդարանին մէջ: «Մեր կամ այլոց իրաւունքը չէ թեկնածու ունենալ կամ որոշ թեկնածու մը վեթոյի ենթարկել», ըսաւ Ալաուի:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Քաթարի դեսպան Իպրահիմ պըն Ապտել Ազիզ Սահլաուի անցեալ շաբաթավերջին այցելեց Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի, ինչպէս նաեւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի: Զոյգ այցելութիւնները ունէին հրաժեշտի բնոյթ:

 

 

Նախորդը

Լուքաշենքօ. «Վակներ»-ի Ուժերը Մեզ Կ՛անհանգստացնեն, Որովհետեւ Կ՛ուզեն Լեհաստան Երթալ»

Յաջորդը

Ապպաս Իպրահիմ. «Ազգային Երկեակի Միջավայրէն Դուրս Պիտի Չգամ, Որովհետեւ Անիկա Է Պատկանելիութիւնս, Սակայն Անկախ Պիտի Մնամ»

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.