Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հռոմի Մէջ. «Տեղահանուածներուն Տագնապը Ուղղակի Սպառնալիք Է Լիբանանի Գոյութեան» Շեշտեց Միքաթի

July 24, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ Հռոմի մէջ մասնակցեցաւ խորհրդաժողովի մը, որուն ընթացքին արծարծուեցաւ Միջերկրական ծովուն մէջ գաղթի հարցը:

Միքաթի իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Իտալիոյ վարչապետ Ճիորճիա Մելոնիին` այդ խորհրդաժողովը կազմակերպելու համար` աւելցնելով, որ այս խորհրդաժողովը առաջին քայլն է, որ առնուած է Եւրոպական Միութեան եւ միջերկրականեան երկիրներուն միջեւ ռազմավարական հզօր գործակցութիւն հիմնելու, ինչպէս նաեւ անոնց միջեւ աշխատանքի համադրումը ամրապնդելու:

Միքաթի շեշտեց, որ իրենց նպատակն է միասնաբար գործել` դէմ դնելու համար տեղահանուածներու տագնապին:

«Կ՛ուզեմ այսօր լուսարձակի տակ առնել այն իրականութիւնը, որ պարզուած է Լիբանանի մէջ: Անիկա կը սկսի արտագաղթով, կը շարունակուի տեղահանուածներու տագնապով, ապահովութեամբ, խաղաղութեամբ, եւ կ՛աւարտի կայունութեամբ ու բարգաւաճումով: Լիբանան այսօր խոցելի վիճակի մէջ կը գտնուի` նկատի ունենալով իր դիմագրաւած տնտեսական եւ ելեւմտական տագնապները, ինչպէս նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու բեռին հանդուրժելու իրողութիւնը: Այսօր խիստ կարիք կայ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը կազմակերպող ծրագիր մշակելու: Փոքր երկիր Լիբանանը, իր հինգ միլիոն բնակչութեան կողքին, հիւրընկալած է 2 միլիոն տեղահանուած, ինչ որ մեծ թիւ է եւ երկրին ենթակառոյցին, տնտեսութեան ու ընկերային հիւսուածքին վրայ կ՛ունենայ իր ժխտական ազդեցութիւնը», ըսաւ ան:

Միքաթի ընդգծեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու տագնապը ուղղակի սպառնալիք է Լիբանանի գոյութեան` աւելցնելով, որ տեղահանուածները Լիբանանի մէջ պահելու Եւրոպական խորհրդարանի որոշումը լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ գործուած ոտնձգութիւն է:

«Միջերկրականի ապահովութիւնը, գաղթն ու բարգաւաճումը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ տեղահանուածներու տագնապը իրարու կապուած մարտահրաւէրներ են, որոնք բոլորիս ջանքերուն կարիք ունին` լուծման յանգելու համար: Կոչ կ՛ուղղեմ բոլորիդ միասնաբար գործելու` միջերկրականեան երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն աւելի ապահով, կայուն եւ բարգաւաճ ապագայ մը կերտելու համար», եզրափակեց ան:

Նախորդը

Պու Հապիպ Շուէտացի Իր Պաշտօնակիցէն Պահանջեց Դիմել Քայլերու` Սանձելու Համար Իսլամատեացութիւնը

Յաջորդը

Համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ Բանակումի Մասնակիցներուն Յարգանքի Տուրքը Եռաբլուրի Եւ Ծիծեռնակաբերդի Մէջ

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.