Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբ. «Եւրոպական Խորհրդարանին Որոշումը Կը Հակադրուի Լիբանանեան Սահմանադրութեան Եւ Գաղթականներու Ժընեւի Համաձայնագիրին»

Յուլիս 21, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ֆատի Ալամէ` ներկայութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, ինչպէս նաեւ յանձնախումբի անդամ այլ երեսփոխաններուն, երէկ խորհրդարանին մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը:

Ասուլիսին ընթացքին Ալամէ թուեց յանձնախումբին կողմէ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին վերաբերող յանձնարարականները:

Ալամէ նշեց, որ յանձնախումբը մեծ զարմանքով ստացած է Եւրոպական խորհրդարանին տուած որոշումը` սուրիացի տեղահանուածներուն վերաբերեալ` աւելցնելով, որ ցաւ ի սիրտ այդ որոշումը կը հակադրուի իրականութեան, ինչպէս նաեւ ներքին լիբանանեան ու միջազգային կանոններուն:

Ալամէ հաստատեց, որ Եւրոպական խորհրդարանի որոշումը կը խախտէ Լիբանանի սահմանադրութեան այն կէտը, որուն հիման վրայ Լիբանանի մէջ որեւէ ձեւով բնակեցում չ՛արտօնուիր:

Ան աւելցուց նաեւ, որ այդ որոշումը կը հակադրուի գաղթականներու Ժընեւի համաձայնագիրին, որ ստորագրուած է 28 յուլիս 1951-ին, ինչպէս նաեւ այդ համաձայնագիրի արարողակարգին, որ հրապարակուած է 31 յունուար 1967-ին:

«Վերոնշեալ որոշումն ու անոր արարողակարգը կը թելադրեն տեղահանուածներու կամովին տունդարձին մասին, որ ինքնին Լիբանանի պահանջն է, եւ որուն մասին տակաւին 15 յունիս 2023-ին` Պրիւքսելի խորհրդաժողովին ընթացքին, արտայայտուած է Լիբանան` առաջարկելով գործակցիլ թէ՛ միջազգային եւ թէ՛ շրջանային կազմակերպութիւններու եւ պատկան մարմիններու հետ», ըսաւ ան:

Ալամէ աւելցուց նաեւ, որ նախորդ շրջանին եւ ցայսօր Լիբանան յանձնառու մնացած է միջազգային համաձայնագիրներուն եւ ուխտերուն` տեղահանուածներուն հոգատարութեան իմաստով, հակառակ անոր որ անոր աշխարհագրական տարածութիւնը, ինչպէս նաեւ երկրին քաղաքական, ընկերային, տնտեսական եւ ժողովրդագրական իրականութիւնները թոյլ չեն տար, որ ան երկար ժամկէտներու վրայ տեղահանուածներ ընդունի:

Ալամէ ընդգծեց, որ Լիբանան լուրջ աշխատանք պիտի տանի միջազգային կազմակերպութիւններու, հետաքրքրուած երկիրներու, Արաբական լիկային եւ Սուրիոյ հետ, որպէսզի սուրիացի տեղահանուածներուն կամովին տունդարձը կազմակերպէ` անոնց օժանդակութիւն ապահովելով իրենց հողերուն վրայ, որպէսզի կարենան բարգաւաճիլ եւ իրենց հայրենիքը վերակառուցել:

Ան նկատել տուաւ, որ այս մասին իրենց յանձնարարականները պիտի փոխանցեն եւրոպական երկիրներու դիւանագիտական անձնակազմերուն եւ Լիբանանի մէջ գործող միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն:

Ալամէ նկատել տուաւ, որ լիբանանեան խորհրդարանը բաղկացնող մեծ թիւով երեսփոխանական պլոքներ եւ քաղաքական ուժեր համախոհութիւն գոյացուցած են այս առնչութեամբ` աւելցնելով, որ 12 տարիէ ի վեր Լիբանան տեղահանուածներու հիւրընկալութեան առումով ոչ մէկ բացթողում արձանագրած է, ընդհակառակն` նախանձախնդիր եղած է անոնց արժանապատուութեան եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան:

«Սակայն ներկայիս Արտաքին եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբը յանգած է այն եզրակացութեան, որ տեղահանուածները պէտք է տունդարձ կատարեն, եւ ըստ այն մշակած է իր յանձնարարականները», ըսաւ ան:

Ալամէ շեշտեց, որ միջազգային հասարակութիւնը, ինչպէս նաեւ կարգ մը եւրոպական երկիրներ Լիբանանի նկատմամբ բնականոն վարուելակերպ չցուցաբերեցին, ինչպէս նաեւ անոնցմէ պահանջուած տեղեկութիւնները Լիբանանին չյանձնեցին:

Այս շրջագիծին մէջ, Ալամէ կոչ ուղղեց Ընդհանուր ապահովութեան, ինչպէս նաեւ արտաքին գործոց եւ ընկերային հարցերու նախարարութիւններուն` խստացնելու այս երեւոյթին հետապնդումը: «Կ՛արժէ յիշեցնել, որ միջազգային կողմերը Լիբանանի հետ չվարուեցան այնպէս, ինչպէս էր պարագան Թուրքիոյ եւ Յորդանանի», շեշտեց Ալամէ:

Նկատի ունենալով երկար ժամանակի վրայ լիբանանեան տնտեսական, ընկերային եւ ժողովրդագրական հաւասարակշռութեան վրայ անոր ունենալիք վատ ազդեցութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի գոյութեան վտանգի սպառնալիք ըլլալու իրականութիւնը, Ալամէ պահանջեց բոլոր նախարարութիւններուն եւ ապահովական կառոյցներուն միջեւ ազգային հեղինակութիւնը միասնականացնել` տեղահանուածներու թղթածրարին լուծումը երաշխաւորելու նպատակով:

Ալամէ անհրաժեշտ նկատեց նաեւ` կանոնաւորել Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներու կարգավիճակը եւ տեղահանուածի կարգավիճակէն դուրս բերել իւրաքանչիւր տեղահանուած, որ Սուրիա մուտք կը գործէ, հսկողութեան տակ առնել Լիբանանի մէջ ծնող սուրիացիներուն արձանագրութեան հոլովոյթը, ինչպէս նաեւ ապահովական կառոյցներու հսկողութիւնը ամրապնդել` սահմանային շրջաններուն մէջ:

 

Նախորդը

Պու Հապիպ Պորելին Յղեց Եւրոպական Խորհրդարանին Որոշումը Դատապարտող Նամակ Մը

Յաջորդը

Եւրոպական Խորհուրդը Քանատան Ընդգրկած Է Հայաստանի Մէջ Եւրոպական Միութեան Դիտորդական Առաքելութեան Կազմին Մէջ

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 19, 2025
Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան  Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?