Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը հրապարակեց իր տեղեկագիրը, որուն մէջ հաստատեց, որ 2023-ի յունիս ամսուան սպառողական ապրանքներու սակերը 7,21 առ հարիւրի աճ արձանագրած են` բաղդատած 2023-ի մայիս ամսուան սակերուն:
Իւրաքանչիւր նահանգի պարագային արձանագրուած սղաճի համեմատութիւնը կը ներկայացուի հետեւեալ պատկերով.
– Պէյրութի մէջ` 15,15 առ հարիւր:
– Լեռնալիբանանի մէջ` 4,33 առ հարիւր:
– Հիւսիսային Լիբանանի մէջ` 7,30 առ հարիւր:
– Պեքաայի մէջ` 12,82 առ հարիւր:
– Հարաւային Լիբանանի մէջ` 9,60 առ հարիւր:
– Նապաթիէի մէջ` 4,72 առ հարիւր:
Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէնութեան հրապարակած տեղեկագիրին մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ 2023-ի յունիս ամսուան սպառողական ապրանքներու սակերուն ցուցանիշը 253,55 առ հարիւրի աճ արձանագրած է` բաղդատած 2022-ի յունիս ամսուան:


