Հազմիէի «Պիպլոս» դրամատան մասնաճիւղը երէկ ներխուժումի մը ենթարկուեցաւ Ուասիմ Հաթում եւ Աշրաֆ Սալհա անունով լիբանանցի քաղաքացիներուն կողմէ:
Հաթում եւ Սալհա այդ դրամատան մէջ գումար ունեցող քաղաքացիներ են. առաջինը իր հաշիւին մէջ ունի 5400 տոլարի գումար մը, իսկ երկրորդը` 23.200 տոլարի գումար մը:
«Լիբանանի դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներու ճիչ» կոչուող միութիւնը թուիթըրեան իր էջով տեղեկացուց, թէ «Պիպլոս» դրամատան դէմ հաւաքական ներխուժում մը կատարուած է:
Նոյն միութիւնը դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներուն կոչ ուղղեց ուղղուելու Հազմիէի «Պիպլոս» դրամատան մասնաճիւղը` օժանդակելու համար իրենց իրաւունքները պահանջելու համար դրամատուն հասած քաղաքացիներուն:
Միութիւնը զգուշացուց «Պիպլոս» դրամատան տնօրէն խորհուրդի նախագահ Սըմաան Պասիլը, թէ դրամատուն ներխուժած քաղաքացիներուն վրայ գործուելիք որեւէ յարձակումի պարագային հակադարձութիւն պիտի արձանագրուի «Պիպլոս» դրամատան բոլոր յաճախորդներուն կողմէ, եւ անոնք ներխուժումի թիրախ պիտի դարձնեն «Պիպլոս»-ի բոլոր մասնաճիւղերը:
Նշենք, որ Հաթում եւ Սալհա ձախողեցան իրենց գումարները ազատագրել:


