Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապպաս Իպրահիմ. «Ազգային Երկեակի Միջավայրէն Դուրս Պիտի Չգամ, Որովհետեւ Անիկա Է Պատկանելիութիւնս, Սակայն Անկախ Պիտի Մնամ»

July 24, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընդհանուր ապահովութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մուժթապա Ամանիի հետ, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Միւս կողմէ, Իպրահիմ հարցազրոյցի մը ընթացքին բացայայտեց, որ հանդիպում մը ունեցած է նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիայի հետ, եւ քննարկած հարաւային Լիբանանի իրավիճակը, յատկապէս Ղաժարի մէջ լարուած վրաններուն հարցը:

Ապպաս Իպրահիմ նշեց, որ Շիա արձանագրած է իր խորհուրդները եւ համապատասխան փոխանցումները կատարած իր իշխանութիւններուն:

Իպրահիմ նկատել տուաւ, որ հաւանաբար իր առաջարկին հիման վրայ պէտք է լուծել այս հարցը, որուն հիմամբ կը մեղմանայ հարաւային Լիբանանի լարուածութիւնը:

Ապպաս Իպրահիմ շեշտեց, որ լիբանանցիները երկխօսութեան դատապարտուած են, որովհետեւ երկրին տագնապը լուծելու այլընտրանք գոյութիւն չունի:

Իպրահիմ ընդգծեց, որ երկխօսութեան այլընտրանքը տեղեկատուական ցեխարձակումն է, որ փողոցին վրայ ժխտական ազդեցութիւն կը ձգէ:

«Ճիշդ է, որ Լիբանանի կայունութիւնը շրջանային եւ միջազգային կայունութեան մաս կը կազմէ, եւ անձնապէս համոզուած եմ, որ իրանեան-ամերիկեան երկխօսութիւնը եւ իրանեան-սէուտական փոխըմբռնումը իրենց դերակատարութիւնը կրնան ունենալ Լիբանանի տագնապին լուծման իմաստով, սակայն կարեւորագոյնը կը մնայ լիբանանեան ազգային երկխօսութիւնը, որովհետեւ առանց անոնց պիտի չկարենանք իրագործումներ արձանագրել: Մենք պէտք է պատրաստ ըլլանք արտաքին ազդակներուն ընձեռելիք առիթները օգտագործելու», ըսաւ ան:

Այս շրջագիծին մէջ, Իպրահիմ անհրաժեշտ նկատեց Թաէֆի համաձայնագիրին ամբողջական գործադրութիւնը:

Ապպաս Իպրահիմ մտահոգութիւն յայտնեց հայրենիքի վիճակին նկատմամբ` աւելցնելով սակայն, որ ինք վստահութիւն ունի երկրին ապահովական կառոյցներուն եւ նախ եւ առաջ լիբանանեան բանակին վրայ:

Իպրահիմ նկատել տուաւ, որ իր համոզումներուն մէջ հանգստեան կոչուելու յղացք գոյութիւն չունի, եւ ընդգծեց, որ 43 տարուան ապահովական եւ քաղաքական իր աշխատանքը կրնայ աւարտած նկատուիլ, սակայն իր գործունէութիւնը կը շարունակուի իբրեւ հանրային գործիչ:

Իր կողմէ, կուսակցութիւն մը հիմնելու մասին հարցումի մը պատասխանելով, Ապպաս Իպրահիմ հաստատեց, որ ինք ազգային երկեակին միջավայրէն դուրս պիտի չգայ, որովհետեւ անիկա իր միջավայրն է ու պատկանելիութիւնը, սակայն պիտի շարունակէ անկախ մնալ:

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի հետ հանդիպումներուն մասին հարցումին պատասխանելով` Իպրահիմ ըսաւ, որ նախագահ Ասատին այցելած է, երբ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնի իր 13-ամեայ պաշտօնավարութիւնը աւարտած է, «իսկ սէյիտ Նասրալլայի հետ երկու ամիս առաջ ընթրիքի սեղանի մը շուրջ հանդիպեցանք եւ քննարկեցինք անցեալ փուլին գործադրուած նուաճումներն ու հետագային գործադրուելիք որոշ աշխատանքներ», եզրափակեց ան:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Տիմանի Մէջ. «Լիբանանի Ինքնութիւնն Ու Պատգամ Երկիր Ըլլալը Այլանդակուելու Սպառնալիքին Ենթակայ Են» Շեշտեց Ռայի Պատրիարք

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.