Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ այցելեց Մեհրապ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի դիմագրաւած արտաքին հարցերը եւ անոնց մասին քրիստոնեայ եւ իսլամ քաղաքական ուժերուն տեսակէտները, յատկապէս տեղահանուածներուն եւ գաղթականներուն վերաբերող հարցերը:
Պու Հապիպ մաղթեց, որ կարելի ըլլայ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը ապահովել արժանապատիւ եւ ապահով կերպով:
Ան նշեց, որ ոչ ոք պէտք է ակամայ վերադառնայ իր հայրենիքը` աւելցնելով, եւրոպացիներուն հետ Լիբանանի տարակարծութիւնը կը կայանայ այն իրականութեան մէջ, որ անոնք կը փափաքին տեղահանուածները Լիբանանի մէջ պահել` առանց Լիբանանի հետ այդ մասին խորհրդակցելու:
Պու Հապիպ յայտնեց, որ տեղահանուածներու հարցը Սուրիոյ մէջ լուծելի թղթածրար մը չէ, այլ` կարիքը կայ միջազգային ընտանիքին, որ կազմուած է մեծաւ մասամբ եւրոպացիներէ, որոնք ենթադրաբար գործակցին մեզի հետ` արմատական լուծում բերելու այդ հարցին:
Սուրիա այցելութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Պու Հապիպ յայտնեց, որ ինք` իբրեւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար, պիտի այցելէ Սուրիա` աւելցնելով, որ Դամասկոս այցելելիք նախարարական պատուիրակութիւն մը կազմելու որոշումը վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիին կը վերաբերի, «յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ այդ պատուիրակութիւնը կազմուած է իմ բացակայութեանս` նկատի ունենալով, որ այդ յանձնախումբի ժողովներուն ներկայ չեմ գտնուիր», աւելցուց ան:


