Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սլիմ. «Բանակը Կազմ Ու Պատրաստ Է Հարաւային Լիբանանի Ապահովութիւնն Ու Անդորրը Պահպանելու»

July 21, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Պրազիլի դեսպան Թարսիզիօ Քոսթան, որուն ընկերակցեցաւ դեսպանատան զինուորական կցորդ Էմերսոն Աֆոնսօ տը Ազեւետօ Քոսթա:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-պրազիլեան երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Դեսպան Քոսթա դրուատեց Լիբանանի եւ Պրազիլի միջեւ ստորագրուած` պաշտպանութեան մարզին վերաբերող համաձայնագիրը, որուն շնորհիւ լիբանանեան եւ պրազիլեան բանակներուն միջեւ գործակցութիւնը պիտի ամրապնդուի` ռազմական փորձերուն եւ ռազմական փորձառութիւններու փոխանակումին իմաստով:

Քոսթա հաստատեց, որ մօտիկ ապագային Պրազիլ լիբանանեան բանակին գումակային օժանդակութիւն պիտի տրամադրէ:

Քոսթա նաեւ յայտնեց, որ Ապահովութեան խորհուրդի ոչ մնայուն անդամ Պրազիլ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ, որ հարաւային Լիբանանի մէջ գործող ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու որոշումին շուրջ համախոհութիւն գոյանայ` պահելով Լիբանանի գերիշխանութեան նկատմամբ յարգանքը:

Իր կարգին, Սլիմ բարձր գնահատեց Լիբանանի եւ Պրազիլի միջեւ գործակցութիւնը, յատկապէս հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն պրազիլեան ջոկատին մասնակցութիւնը:

Ան մաղթեց, որ երկկողմանի այս գործակցութիւնը զարգանայ եւ երկու երկիրներու շահերուն ծառայէ:

Սլիմ խստիւ դատապարտեց հիւսիսային Ղաժարը բռնագրաւուած պահելու իսրայէլեան ուժերուն արարքը` ընդգծելով, որ Ղաժար լիբանանեան հողամաս է, հետեւաբար Իսրայէլի կողմէ այդ հողամասին բռնագրաւումը վտանգաւոր է եւ կը սպառնայ սահմանային խաղաղութեան ու կայունութեան: «Միջազգային ընտանիքը պէտք է աշխատի վերացնելու իսրայէլեան այս բռնագրաւումը», ըսաւ ան:

Սլիմ հաստատեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան, ինչպէս նաեւ կ՛ապահովէ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն եւ լիբանանեան բանակին միջեւ գործակցութիւնը:

Ան ընդգծեց, որ լիբանանեան բանակը կ՛երաշխաւորէ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն ծառայած շրջաններուն մէջ միջադէպերու չպատահիլը:

«Լիբանանեան բանակը կազմ ու պատրաստ է հարաւային Լիբանանի ապահովութիւնն ու անդորրը պահպանելու», յայտնեց ան:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

«Պիպլոս»-ի Հազմիէի Մասնաճիւղը Ներխուժումի Ենթարկուեցաւ

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.