Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ երէկ կէսօրին Կեդրոնական դրամատունէն մեկնեցաւ տօնախմբութեամբ եւ ծափողջոյններով, աւարտելէ ետք երեք տասնամեակ երկարող իր պաշտօնավարութիւնը:
Միւս կողմէ, Կեդրոնական դրամատան Ա. փոխկառավարիչ Ուասիմ Մանսուրի հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին յայտարարեց, որ օրէնքին համաձայն, ինք այսօրուընէ սկսեալ կը ստանձնէ Կեդրոնական դրամատան գործադիր իշխանութիւնը` աւելցնելով, որ դրամատան ելեւմտական քաղաքականութիւնը պիտի փոխուի, այլ խօսքով` պետութիւնը ֆինանսաւորելու քաղաքականութիւնը վերջ պիտի գտնէ, իսկ օրէնքէ հեռու եւ իր հայեցողութեան չհամընկնող կառավարութեան ծրագիրները ֆինանսաւորելու երեւոյթը իր կարգին վերջ պիտի գտնէ:
Մանսուրի ընդգծեց, որ իրենք պարտական են քաղաքացիին եւ դրամատան մէջ հաշիւ ունեցողին` նուազագոյնը ապահովելով ելեւմտական կայունութիւնը: Ան նշեց, որ իրենք կը պահանջեն օրէնք մը, որուն հիման վրայ կ՛արտօնուի օրէնսդրական բնագիրի մը ընդմէջէն կառավարութեան ծրագիրները ֆինանսաւորել, սակայն այնպիսի պայմաններով, որոնք կը հաստատեն, որ այդ գումարները պիտի վերադարձուին Կեդրոնական դրամատան:
Մանսուրի նկատել տուաւ նաեւ, որ այդ օրէնքին հիման վրայ պետական մարզի պաշտօնեաները իրենց աշխատավարձը պիտի ստանան «Սայրաֆա» ելեկտրոնաին հարթակին ճշդած գումարին հիման վրայ:
Մանսուրի շեշտեց նաեւ, որ Կեդրոնական դրամատունը առանձինն չի կրնար ճշդել ելեւմտական քաղաքականութիւնը, այլ` պէտք է գործակցի խորհրդարանին եւ կառավարութեան հետ: «Մենք առանձինն կարողութիւն չունինք իրավիճակ փոխելու», ընդգծեց ան:
Կառավարութեան Նիստին Քննարկուեցաւ
Կեդրոնական Դրամատունէն Օտար Դրամանիշով
Վարկեր Փոխ Առնելու Օրինագիծ Մը
Յետմիջօրէին Մանսուրի մասնակցեցաւ կառավարութեան նիստին, որ կը գումարուէր վարչապետարանին մէջ` նախագահութեամբ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի:
Նիստին ընթացքին Միքաթի յայտնեց, որ կայ օրինագիծ մը, որուն հիման վրայ կառավարութիւնը Կեդրոնական դրամատունէն օտար դրամանիշով վարկեր փոխ պիտի առնէ` ֆինանսաւորելու համար պետական մարզը:
Այս մասին Մանսուրի վարչապետարանէն մեկնումի պահուն յայտնեց, որ նախարարի պաշտօնակատարներուն կողմէ առարկութիւն չկայ օտար դրամանիշով վարկեր փոխ առնելու իմաստով` աւելցնելով, որ կառավարութիւնն է, որ կը ճշդէ իր փափաքած գումարը:
Միքաթի նշեց նաեւ, որ գաղթականներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Իսամ Շարաֆէտտին պատրաստած է տեղեկագիր մը, որ կը վերաբերի գաղթականներուն, եւ որ նախարարաց խորհուրդին կողմէ պիտի քննարկուի մօտիկ ապագային:
Նիստին ընթացքին Միքաթի սրտանց շնորհաւորեց բանակը, հրամանատարութիւնը, սպաներն ու բանակայինները, ինչպէս նաեւ իր խոնարհումը յայտնեց հայրենիքին ապահովութեան համար զոհուած նահատակներուն:
Միւս կողմէ, Միքաթի հաստատեց, որ իրենք բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն հետ կը հետեւին Այն Հելուէի բախումներուն, եւ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի կասեցնելու համար այդ բախումները:
«Կը մերժենք Լիբանանը օգտագործել արտաքին հաշիւներ մաքրելու նպատակով: Կը մերժենք, որ անիկա Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն, յատկապէս Սայտայի բնակչութեան հաշուոյն ըլլայ: Բանակը իր պարտականութիւնը կը կատարէ` լուծելու համար այդ հարցը, իսկ Այն Հելուէն լիբանանեան պետութեան հակակշիռէն դուրս շրջան մը ըլլալու իրողութիւնը լրիւ մերժելի է», հաստատեց Միքաթի:
Կառավարութեան նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի յայտնեց, որ կառավարութիւնը այս շաբթուան ընթացքին երկու յաւելեալ նիստեր պիտի գումարէ` շարունակելու համար 2023-ի պետական ամավարկի քննարկումը:
Կառավարութեան յաջորդ նիստը պիտի գումարուի այսօր` երեքշաբթի, 1 օգոստոս 2023-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին, իսկ երկրորդը հինգշաբթի, 3 օգոստոս 2023-ին, կէսօրուան ժամը 12:30-ին:
Այն Հելուէի Մէջ Զինեալ Բախումները Կը Շարունակուին
Նշենք, որ պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ անցեալ շաբաթ գիշեր սկսած զինեալ բախումները` Ֆաթհի եւ իսլամական շարժումներու, ինչպէս Օսպաթ Անսարի եւ Ժունտ Շամի միջեւ, շարունակուեցան նաեւ երէկ, ընդարձակելով բախումներուն տարողութիւնը մինչեւ Հաթթին, Տարպել Սիմ, Պրաքսաթ, Թաուարէ եւ Ժալլուլի կայարան:
Բախումներուն ընթացքին օգտագործուեցան մեծ թիւով գնդացիրներ եւ նռնականետեր:
Բախումները պատճառեցին 11 զոհեր եւ վիրաւորուեցան 40 ուրիշներ, որոնք փոխադրուեցան Սայտայի Համշարի հիւանդանոցը:
Այն Հելուէի մէջ արձանագրուած զինեալ բախումներուն պատճառով արձանագրուեցան տեղահանումի պարագաներ, որոնց թիւը հասաւ 2000-ի:
Սայտայի արեւելեան շրջանին մէջ գտնուող Այն Հելուէ գաղթակայանի բախումներուն պատճառով մեծ թիւով վաճառատուներ փակուեցան, եւ քաղաքին մէջ երթեւեկը դադրեցաւ` զգուշանալով տեղացող փամփուշտներէն եւ ռումբերուն բեկորներէն:
Նշենք, որ հարաւային Լիբանանի նահանգապետ Մանսուր Տաու օր մը առաջ արդէն իսկ որոշած էր, որ Սայտայի պետական հաստատութիւնները փակ պահուին երէկ` զինեալ բախումներու շարունակուելուն պատճառով:
Երէկուան բախումներուն ընթացքին թեթեւօրէն վիրաւորուեցան լիբանանեան բանակի 4 զինուորներ:
Յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին յայտարարուեցաւ, որ երեսփոխան Ուսամա Սաատի բնակարանին մէջ տեղի ունեցած երկարատեւ ժողովին ընթացքին որոշուած է վերջ տալ զինեալ բախումներուն, զինեալները տուն կանչել եւ Ապու Աշրաֆ Արմուշիի սպանութեան շուրջ հետաքննութիւն բանալ:
Ֆաթհի պատասխանատուներ յայտնեցին, որ Ֆաթհ շարժումի դերգնդապետ, Ազգային անվտանգութեան պատասխանատու Ապու Աշրաֆ Արմուշիի սպանութիւնը նախապէս ծրագրուած է` աւելցնելով, որ իրենք յանձնառու կը մնան յայտարարուած զինադուլին:
Զինեալ բախումները կանգ չառին այս ժողովէն ետք: Այս իրականութեան լոյսին տակ Ամալ շարժումի հեղինակութիւններ յաւելեալ ջանքեր ի գործ դրին եւ ժամը 4:30-ին ստացան երաշխիքներ, որ զինեալ բախումները պիտի կասեցուին:
Երկու ժամ ետք, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, կրակոցներուն ձայնը համեմատաբար աւելի նուազեցաւ, սակայն ոչ ամբողջական զինադուլի տարողութեամբ:


