Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթ` ընկերակցութեամբ իր հօր, նախկին նախարար Ուալիտ Ժոմպլաթի, այցելեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարիի:
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցերը, յատկապէս Լիբանանի տագնապի լուծման համար Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի յատուկ պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիանի այցելութեան արդիւնքներն ու Տոհայի մէջ տեղի ունեցած հնգակողմանի ժողովէն բխած հաղորդագրութիւնը:
Հանդիպումին ընթացքին հանրապետութեան նախագահի հաւանական թեկնածուի անուն չքննարկուեցաւ:
Նշենք, որ Թէյմուր Ժոմպլաթ այցելեց նաեւ Մեհրապ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ:
Ժոմպլաթի ընկերակցեցան Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխաններ Աքրամ Շեհայէպ եւ Ուաէլ Ապու Ֆաուր, ինչպէս նաեւ նախկին երեսփոխան Նաամէ Թոհմէ:
Ներկայ գտնուեցան նաեւ Հզօր հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխաններ Ժորժ Ատուան, Սթրիտա Ժահժահ, Մըլհեմ Ռիաշի եւ Նազիհ Մաթթա:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Միւս կողմէ, Ժոմպլաթ անցեալ շաբաթավերջին Մուխթարայի մէջ ընդունեց տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Սամի Ապի Մունան:
Հանդիպումին ընթացքին Ժոմպլաթ հաստատեց, որ պէտք է վերջ տալ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան եւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի նշանակման իմաստով ժամանակ վատնելու մօտեցումին:
Իր կարգին, Ապի Մունա հաստատեց, որ Լեռնալիբանանը համակեցութեան եւ ազգային համերաշխութեան օրինակելի տիպարն է:


