Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

August 1, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.300 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն, 95 օքթան պենզինի սակը նուազած է 15.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 16.000 լ. ոսկիով, մազութը` 13.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազը` 6000 լ. ոսկիով:

Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.696.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.734.000 լ. ոսկի, իսկ մազութը` 1.480.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 810.000 լ. ոսկի:

ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ պապը Լիբանանի համար աղօթք մատուցեց` 4 օգոստոսի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին Գ. տարելիցին առիթով: Պապը մաղթեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած տագնապին կարելի ըլլայ ապահովել լուծում մը, որ կը վայելէ լիբանանցիներուն պատմութեան եւ արժէքներուն:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Միշել Աուն ընդունեց բանակի հրամանատարութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որ իր շնորհաւորութիւնները փոխանցեց բանակի հիմնադրութեան տօնին առիթով: Պատուիրակութիւնը զօր. Միշել Աունին յանձնեց բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի շնորհաւորական բացիկը:

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապի յայտնեց, որ եթէ ուսուցիչներուն աշխատավարձը բաւարարաչափ տոլարի վճարումով չկարենանք ապահովել, ապա կարելի պիտի չըլլայ պետական դպրոցները վերաբանալ յառաջիկայ տարեշրջանին համար:

ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարարի պաշտօնակատար Նասեր Եասին յայտնեց, որ կառավարութեան յղուած նիստի հրաւէրը` Կեդրոնական դրամատան նոր կառավարիչ մը նշանակելու առումով` աշխատանքի արտակարգ միջոց մըն է` դէմ դնելու համար երկրին դէմ ծառացած արտակարգ պայմաններուն:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիօ հրաժեշտի այցելութիւններ տուաւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի, լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի, Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանի:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Քաթարի դեսպան Իպրահիմ պըն Ապտել Ազիզ Սահլաուի հրաժեշտի այցելութիւններ տուաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ արտաքին գործոց ու արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի:

ՊԷՅՐՈՒԹԻ քաղաքապետ Ժամալ Այթանի հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն` առողջական պատճառներով:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց ընդհանուր իրադարձութիւնները:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Տիմանի մէջ ընդունեց Անկախութիւն շարժումի նախագահ, երեսփոխան Միշել Մուաուատը, որ յայտնեց, թէ կառավարութեան կողմէ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի նշանակումը կրկնապատկուած խախտում է սահմանադրութեան եւ ազգային համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ ոտնձգութիւն` հանրապետութեան նախագահի իրաւասութիւններուն: Ռայի պատրիարքին այցելեց նաեւ Ժամաա Իսլամիէի մէկ պատուիրակութիւնը` ընկերակցութեամբ երեսփոխան Իմատ Հութի: Հանդիպումէն ետք Հութ յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքը եւ իրենց պատուիրակութիւնը ընդգծած են ամէնէն արագ ժամանակաշրջանին հանրապետութեան նախագահ մը ընտրելու անհրաժեշտութիւնը:

ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը ընդունեց երեսփոխան Ղասսան Սքաֆը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Սքաֆ զգուշացուց ընկերային, տնտեսական եւ ապահովական կացութեան վատթարացումէն: Ան կոչ ուղղեց յարգելու սահմանադրութիւնը եւ հանրապետութեան նախագահի ընտրութենէն ետք կատարելու Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի նշանակումը:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանքին ու Հըզպալլայի միջեւ երկխօսութիւնը դրական է եւ լուրջ:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ղայյաս Եազպեք կոչ ուղղեց քաղաքական բոլոր ուժերուն, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան լուծումը Չինաստանի, Ուաշինկթընի կամ այլ վայրերու մէջ չորոնեն, այլ` Լիբանանի:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Հատի Ապուլ Հասան յայտնեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը կառչած կը մնայ առանց նախապայմանի ազգային երկխօսութեան` հանրապետութեան նախագահին շուրջ համախոհութիւն մը գոյացնելու համար:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ քաղաքական խորհուրդի նախագահ սէյիտ Իպրահիմ Ամին Սէյիտ Աշուրայի առիթով արտասանած խօսքին մէջ հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ Դիմադրութեամբ կը հպարտանան աշխարհի բոլոր ժողովուրդները: Ան հաստատեց, որ Դիմադրութիւնը գոյատեւելու կարեւոր եւ լաւ ազդակներ ունի:

ԱՄԱԼ շարժումին համաձայն, 2023-ի պետական ամավարկը միջին եւ աղքատ դասակարգը ճզմելու գործիք մըն է:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ շրջանային առումով տարբեր առանցքներու վրայ արձանագրուած են զարգացումներ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ մեր տագնապը մինչեւ մօտիկ ապագայ առկայ է:

 

Նախորդը

Ֆիտան Եւ Պիլսթրիոմ Քննարկած Են Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի Անդամակցութեան Հարցը

Յաջորդը

Թէյմուր Ժոմպլաթ Հանդիպումներ Կ՛ունենայ Պուխարիի Եւ Ժահժահի Հետ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.