Արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ 15 դեսպաններէ եւ դեսպանատուներու գործակատարներէ ստանձնեց միացեալ յուշագիր մը, որ կոչ կ՛ուղղէ լիբանանեան պետութեան արագացնելու Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին վերաբերող հետաքննութիւնը:
Պու Հապիպի եւ նախարարութեան կեդրոնատեղի ներկայացող դեսպաններուն միջեւ հանդիպումը սկսաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելով պայթումի զոհերուն յիշատակը:
Դեսպանները Պու Հապիպին յանձնեցին յուշագիրը` պահանջելով արագացնել Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութիւնը: Անոնք մտահոգութիւն յայտնեցին այդ հետաքննութեան ընթացքին նկատմամբ ցուցաբերուած մնայուն արգելակումներուն առնչութեամբ:
Պու Հապիպ շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը յանձնառու կը մնայ բացայայտելու Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին վերաբերող բոլոր ծալքերը` ընդգծելով, որ ատիկա լիբանանեան դատական իշխանութիւններուն պատասխանատուութիւնն է եւ աշխատանքը, որ ըստ օրէնքի ու կանոնի պէտք է կատարուի:
Պու Հապիպ յոյս յայտնեց, որ աշխատանքը իր բնականոն հունին մէջ մտնէ` դատական իշխանութեան թէ սահմանադրական հաստատութիւններուն պարագային:


