Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կորսնցնելու Ժամանակ Չունինք, Պէտք Է Մինչեւ Նոր Տարի Հանրապետութեան Նախագահի Ընտրութիւն Կատարենք» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Օգոստոս 2, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ առաւօտեան ժամը 10:00-ին դարձաւ «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանի հարցազրոյցի հիւրը:

Լիբանանեան բանակին հիմնադրութեան 78-ամեակին առիթով Յ. Բագրատունի շնորհաւորեց բանակը` շեշտելով, որ ան հսկայ զոհողութիւններ կը մատուցէ` պաշտպանելու համար Լիբանան հայրենիքն ու երկրին ապահովական կայունութիւնը:

«Բանակայինը` ամէնէն կրտսեր զինուորականէն մինչեւ բարձրագոյն սպան  եւ բանակի հրամանատարը իրենց արեամբ կը պահեն այս երկիրը. կ՛ողջունեմ զանոնք եւ բարձր կը գնահատեմ բանակի հրամանատարին դերակատարութիւնը, որ հակառակ այս դժուար պայմաններուն, տակաւին կը պահպանէ բանակը եւ գետնի վրայ ամուր կը պահէ զանոնք: Այսօր Այն Հելուէի մէջ բախումները հակակշիռի տակ պահողը լիբանանեան բանակն է: Եւ հարց կու տանք, թէ արդեօք այդ բախումները կը միտի՞ն մղել, որ լիբանանեան բանակը գաղթակայան մուտք գործէ», հարց տուաւ ան:

Երեսփոխան Բագրատունի հարց տուաւ նաեւ, որ այսօր ինչո՞ւ պետական պաշտօնական տօն չէ` աւելցնելով, որ բանակը արժանի է այդ տօնին եւ շնորհաւորութիւններուն, որովհետեւ ան ամէն վայրկեան պարտականութեան վրայ է, նոյնիսկ երբ ժողովուրդը իր տօնական օրերը կ՛ապրի:

Յ. Բագրատունի հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ շարք մը հարցերու, ինչպէս` նախագահական ընտրութեան թղթածրարը, Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներու խնդիրը, ապահովական ցնցումներու հաւանականութիւնը, Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ տակաւին շարունակուող զինեալ բախումները, ինչպէս նաեւ ելեւմտական հարցերն ու բարեկարգումները, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի թղթածրարը եւ դաշնակից քաղաքական ուժերուն հետ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին յարաբերութիւնները:

Կառավարութեան մէջ ներկայացուցչութեան իմաստով ՀՅԴ-ի բացակայութեան եւ իր նշանակած նախարարին հետ ստեղծուած հարցին մասին հարցումի մը պատասխանելով` երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ այդ մէկը անշուշտ կը նեղացնէ Կեդրոնական կոմիտէն, որ ինքնաքննադատութիւն կատարելու շրջագիծին մէջ տեղ մը նկատի ունեցած է, որ արդեօք սխալա՞ծ է Ճորճ Պուչիքեանը նշանակելով իբրեւ իր նախարարը:

«ՀՅ Դաշնակցութեան կառոյցին մէջ հաշուետուութիւնը կարեւոր է, կը ճշդուին սխալները եւ կը սերտուին, թէ ինչպէ՞ս եւ ո՞ւր սխալներ արձանագրուած են: Սակայն ճիշդ էք, ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատարը մեզ չի ներկայացներ. անոր բոլոր կեցուածքները զինք կը ներկայացնեն, ան կ՛ենթարկուի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի խորհուրդներուն», յայտնեց ան:

Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի պաշտօնավարութեան նստաշրջանի աւարտէն անմիջապէս ետք, ՀՅ Դաշնակցութեան Կեդրոնական կոմիտէն հաստատեց, որ ինք մաս կը կազմէ քրիստոնեայ համախոհութեան եւ կը մերժէ կառավարութեան նիստին գումարումը` մեկնելով հանրապետութեան նախագահի իրաւասութիւններուն նկատմամբ իր յանձնառութենէն:

Բանակի հրամանատարը հանրապետութեան նախագահ ընտրելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ զօր. Ժոզեֆ Աուն հաստատած է, որ իր պաշտօնավարութիւնը կ՛աւարտի 24 յունուար 2024-ին, եւ թէ ինք կը մերժէ սահմանադրութեան փոփոխութիւնը, «իսկ եթէ պատահի, որ անոր անձին շուրջ համախոհութիւն գոյանայ, ապա անշուշտ կը զօրակցինք անոր թեկնածութեան», յայտնեց ան:

14 յունիս 2023-ի խորհրդարանի նիստին ընթացքին նախկին նախարար Ժիհատ Ազուրը ընտրելու եւ քրիստոնէական համախոհութեան շրջագիծին մէջ ըլլալու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ այդ նիստը նախագահ ընտրելու լուրջ նիստ մը չէր, այլ` բազկերակ շօշափելու նիստ էր` աւելցնելով, որ Ժիհատ Ազուրի թեկնածութեան մասին մարոնի հեղինակաւոր անձնաւորութիւն մը կապուած է իրեն հետ եւ հաստատած, որ թէեւ իրենք կը յայտարարեն, թէ կը զօրակցին Ազուրի թեկնածութեան, սակայն չեն փափաքիր, որ ան ընտրուի նախագահ:

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կեցուածքին մասին երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ  պատրիարքին հետ ունեցած է շուրջ հինգ հանդիպումներ` ներկայութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, եւ յստակ է իրեն համար, որ պատրիարքը, ինչպէս իւրաքանչիւր լիբանանցի, կը փափաքի նախագահական ընտրութիւն կատարել:

«14 յունիսի նիստէն դուրս գալու ընթացքին վերյիշեցի եւ մէջբերեցի նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի մէկ արտայայտութիւնը, որ կը վերաբերի հաշուարկը կասեցնելուն: Անկարելի է հաշուարկը շարունակել եւ հաւատալ, որ 65 կամ 67 քուէներով կարելի է հանրապետութեան նախագահ ընտրել: 127 քուէ ստացած, այսինքն` խորհրդարանին համախոհութիւնը վայելող հանրապետութեան նախագահներ, երկու տարի ետք զիրենք ընտրող երեսփոխաններուն կողմէ կը քննադատուին: Նոյն երեսփոխանները, որոնք զինք ընտրած են, անոր հրաժարականը կամ գործելաոճի փոփոխութիւնը կը պահանջեն: Կ՛երեւակայէ՞ք, որ 50 տոկոս առաւել մէկ դրութեամբ խորհրդարանը ընտրէ հանրապետութեան նախագահը: Այս կը նշանակէ, թէ լիբանանցիներուն կէսը դէմ է հանրապետութեան նախագահին», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ կայ թեկնածու մը` Սլէյման Ֆրենժիէ, որ առաջադրուած է շիի քաղաքական երկեակին կողմէ, որ տակաւին կառչած է անոր թեկնածութեան:

Ան հարց տուաւ, որ արդեօք անոր դիմաց կա՞յ մրցակից թեկնածու մը, որուն համաձայն են քուէարկելու, եւ ոչ թէ անոր թեկնածութիւնը այրելու: «Անկէ առաջ նաեւ երեսփոխան Միշել Մուաուատը, ապա Զիատ Պարուտը եւ շարքը երկար է: Կարելի չէ այս ձեւով վարուիլ եւ այս ձեւով նախագահական ընտրութիւն կատարել», շեշտեց ան:

Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ Լիբանան երկար չի կրնար սպասել նախագահական ընտրութիւն կատարելու համար:

«Մենք ժամանակ եւ առիթ կը կորսնցնենք, եւ կամայ թէ ակամայ ժողովուրդին կը հաստատենք, որ երկրին ընթացքը կարելի է շարունակել առանց հանրապետութեան նախագահի: Ասիկա Լիբանանի դէմ ամէնէն զօրաւոր հարուածն է, ո՛չ միայն քրիստոնեաներուն, այլեւ` Լիբանանին», հաստատեց ան:

Յ. Բագրատունի ակնարկեց նաեւ նախագահական ընտրութեան թղթածրարին համար կազմուած հնգակողմանի յանձնախումբի ժողովներուն եւ անոնցմէ վերջինէն բխած արդիւնքին հիման վրայ Լիբանան այցելած ֆրանսացի պատուիրակին: «Լիբանանի համար յատուկ ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի անձնական պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիանի հետ ունեցայ 45 վայրկեան տեւողութեամբ հանդիպում մը, որուն ընթացքին պարզուեցաւ, որ ան սեպտեմբերին պիտի վերադառնայ մէկ նախաձեռնութեամբ, որն է` քաղաքական բոլոր ուժերը կը հաւաքուին երկխօսութեան սեղանի մը շուրջ եւ կը քննարկեն մէկ օրակարգ` հանրապետութեան նախագահին յատկանիշները: Հանրապետութեան նախագահին ընտրութենէն ետք կարելի է կատարել այլ երկխօսութիւն մը` հովանաւորութեամբ նորընտիր նախագահին: Լը Տըրիան շեշտեց, որ այս մէկը լիբանանցիներուն համար վերջին առիթն է», ընդգծեց ան:

Երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ աշխարհը միայն Լիբանանով չէ զբաղած, այլ` ունի իր ներքին եւ արտաքին հարցերը, որոնք շատ են եւ բազմակողմանի, «հետեւաբար այս առիթէն պէտք է օգտուիլ», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի աւելցուց, որ յստակ է նաեւ, որ նախագահական թեկնածուներու յատկանիշներուն պարագային ալ դժուարութիւն կայ, «որովհետեւ յատկանիշները թեկնածուին համապատասխանեցնելու, կամ թեկնածու մը նկատի ունենալով որոշ յատկանիշներու մասին խօսելու դժուարութեան դիմաց կը գտնուին քաղաքական ուժերը: Ի վերջոյ, սակայն, պէտք է համաձայնիլ եւ համախոհութիւն գոյացնել: Կարելի չէ ըսել, որ համաձայնինք տնտեսագէտի մը շուրջ եւ ապա անոր համար նշանակենք քաղաքական հարցերով խորհրդականներ, եւ միւս կողմէ` հակառակ կարելիութիւնը մերժել: Հակառակ կարելիութիւն ըսելով կը հասկնանք նշանակել քաղաքագէտ մը եւ ապա անոր համար նշանակել տնտեսական հարցերով խորհրդականներ, այլ պարտադրել, որ քաղաքագէտ ըլլալու կողքին ան նաեւ տնտեսութիւն գիտնայ եւ Միջազգային դրամական ֆոնտին ծանօթ ըլլայ», ըսաւ ան:

Հըզպալլայի կողմէ Դիմադրութեան զէնքին նեցուկ կանգնող հանրապետութեան նախագահ մը ընտրելու պահանջին մասին ակնարկութեան մը պատասխանելով Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ Հըզպալլայի կեցուածքը յստակ է` այն իմաստով, որ անիկա կը փափաքի ընտրել հանրապետութեան նախագահ մը, որ կը զօրակցի Դիմադրութեան եւ կը պաշտպանէ զայն: «Հըզպալլայի համոզումով, երբ հանրապետութեան նախագահը Դիմադրութեան թիկունքը կը պաշտպանէ, այսինքն` թշնամի Իսրայէլի դէմ Լիբանանը պաշտպանած կ՛ըլլայ», յայտնեց ան:

Երեսփոխան Բագրատունի հաստատեց, որ լիբանանեան բանակ կայ անշուշտ, սակայն բոլորիս համար յստակ է, որ ցաւօք սրտի լիբանանեան բանակը պէտք եղած կերպով չէ զինուած այն մեծ պետութիւններէն, որոնք կ՛օժանդակեն բանակին, եւ այդ պատճառով ալ կարիքը կը զգացուի բանակին, ժողովուրդին ու Դիմադրութեան` պաշտպանելու համար Լիբանանը:

«Ոմանք նաեւ կը մերժեն Հըզպալլան եւ կը պահանջեն անոր ապազինումը, կը պահանջեն բարեկարգումը եւ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը: Ընտրապայքարի այս ոճը պարզ է, բարձր առաստաղով, եւ կարելի է զայն գործադրել երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին եւ ոչ թէ նախագահական ընտրութեան, երբ պէտք է իրապաշտ ըլլալ, հանդարտ ըլլալ, համախոհ ըլլալ եւ զիրար ընդունիլ», ըսաւ ան:

Այս շրջագիծին մէջ, Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ ինք համոզուած է, թէ ի վերջոյ կարելի պիտի ըլլայ հանրապետութեան նախագահը ընտրել մինչեւ Նոր տարի:

Արտաքին ուժերուն կողմէ Լիբանանին նախագահ պարտադրելու հաւանականութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ այդ պարագային քաղաքական ուժերը համաձայն կ՛ըլլան, եւ առարկելու հարց չի մնար:

Թէ ինչպիսի՞ հանրապետութեան նախագահ մը պէտք է ունենայ Լիբանանը հարցումին պատասխանելով, Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Հաստատ ան պէտք է ըլլայ բարեկարգչական անձնաւորութիւն մը: Մենք բարեկարգումը պահանջած ենք 1960-ական եւ 1970-ական տարիներուն ընթացքին: Կ՛ուզենք հանրապետութեան նախագահ մը, որ համոզուած է բարեկարգումներ կատարելով: Սակայն թէ ո՛վ է ան, այսօր անուն չունիմ յայտարարելիք»:

Միքաթիի կառավարութեան ստանձնած պարտականութիւնները եւ իրաւասութիւնները ընդարձակելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ ան կը վարուի այնպիսի ձեւով մը` կարծէք իսկական վարչապետ ըլլայ եւ ոչ թէ վարչապետի պաշտօնակատար:

Այն Հելուէի զինեալ բախումներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ անիկա վտանգաւոր իրադարձութիւն է` մտահոգութիւն յայտնելով, որ անիկա կրնայ ըլլալ լիբանանեան բանակը դէպի գաղթակայան ներքաշելու փորձ մը, որ կը միտի երկրին ապահովական կայունութիւնը հարուածել:

Ան աւելցուց, որ գաղթակայաններու դրութիւնը ինքնին վտանգաւոր է` հաստատելով, որ օրին, երբ դէմ արտայայտուած են սուրիացի տեղահանուածներու իրավիճակը պաղեստինցի գաղթականներուն իրողութեան վերածելուն, ցեղապաշտութեամբ ամբաստանուած են, սակայն այսօր բոլորը կը զգան այդ գաղթակայաններուն սպառնացած վտանգը:

«Ապահովական հարցերը սկսան կալուածներու թղթածրարներով Լասայի, Ժիպէյլի, Քըրնեթ Սաուտայի եւ այլ շրջաններու մէջ, եւ հասան Այն Հելուէ գաղթակայան: Ճիշդ է, որ բանակը հակակշիռի տակ կ՛առնէ կացութիւնը եւ տէրն է իրավիճակին, սակայն այսօր յարմա՞ր է, որ բանակը Այն Հելուէ պաղեստինեան գաղթակայանը զինաթափ ընելու պատերազմին մէջ ներքաշուի», հարց տուաւ ան:

Սուրիացի տեղահանուածներուն եւ անոնց տունդարձը կազմակերպելու իմաստով արձանագրուող ձգձգումներուն մասին Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ անիկա հետեւանք է միջազգային ընտանիքին եւ Արեւմուտքին բանեցուցած ճնշումներուն, որոնք կու գան յատկապէս եւրոպացիներուն եւ ամերիկացիներուն կողմէ:

«Արտաքին հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբով հանդիպումներ կ՛ունենանք միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու հետ, անոնք միշտ կը հաստատեն, որ Լիբանան պէտք է շարունակէ հանդուրժել տեղահանուածներուն», հաստատեց ան:

Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ թող տարբեր երկիրներ իրենց բնակչութեան թիւին համապատասխանող տոկոսին համաձայն ստանձնեն սուրիացի տեղահանուածներ հիւրընկալելու նախաձեռնութիւնը:

Սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը Լիբանանը պայթեցնելու,  բաժնելու եւ քայքայելու ծրագիր է:

«Այս պատճառով է, որ կը շեշտենք հաւաքական յիշողութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը եւ պատմութենէն դասեր քաղելու անհրաժեշտութիւնը: 1958-ի դէպքերը, Գահիրէի համաձայնագիրը, 1969-ի, 1973-ի, 1975-ի դէպքերը ո՞ւր հասցուցին ժողովուրդը», հարց տուաւ ան` զարմանք յայտնելով կառավարութեան վախին մասին:

«Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրին անձամբ Սուրիա այցելեց եւ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ հանդիպեցաւ, ինչո՞ւ Միքաթի նոյն քայլին չի դիմեր, երբ Միքաթի եւ Ասատ ընտանիքներուն միջեւ բարեկամութիւն կայ», հարց տուաւ ան:

Կեդրոնական դրամատան Ա. փոխկառավարիչ Ուասիմ Մանսուրիի կողմէ կառավարիչի իրաւասութիւնները ստանձնելու կարելիութիւնը օրէնքով ճշդուած է, հետեւաբար յստակ էր, որ կացութիւնը կ՛ուղղուի դէպի անցնցում ստանձնում` առանց հրաժարականներու եւ ապա զանոնք իրենց պաշտօններուն վրայ պահելու բեմագրութեան:

Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ այս ծիրին մէջ սրբութիւն կը նկատուի դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներուն իրաւունքը, «եւ մեզի համար ժողովուրդին իրավիճակն ու կեանքը շատ աւելի կարեւոր են, քան` պետութեան բոլոր կալուածները: Քաղաքացին ինքն է, որ կը փրկէ երկիրը, հետեւաբար պէտք է քաղաքացիին վստահութիւն ներշնչել», հաստատեց ան:

Ամերիկեան տոլարի փոխարժէքին ճշդումը պէտք է ժողովրդահաճոյ ըլլալու իրականութենէն դուրս գայ եւ յանձնուի պետութեան տնտեսագէտներուն, որոնք պէտք է յստակացնեն փոխարժէքը եւ կայունացնեն երկրին տնտեսական իրավիճակը:

Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ եթէ յառաջիկայ ամիսներուն կարելի ըլլայ տնտեսական եւ ելեւմտական որոշ կայունութիւն մը ստեղծել երկրին մէջ, ապա նախագահական ընտրութիւն կատարել եւ կազմել լաւ ու հզօր կառավարութիւն մը` վերջ տալով ուժային նախարարութիւններու հերետիկոսութեան, ապա երկրին փրկութիւնը կարելի կ՛ըլլայ:

«Այս շրջագիծին մէջ պէտք չէ ժողովուրդը վախցնել Թաէֆի համաձայնագիրով, որուն գործադրութեան մասին յայտարարութիւնները շատ են: Պէտք է ընդունիլ, որ այդ համաձայնագիրը իրականացաւ որոշ պայմաններու ընթացքին եւ վերջ տալու համար պատերազմին, սակայն անիկա չի նշանակեր, որ այդ համաձայնագիրը բացթողումներ չի բովանդակեր: Պէտք է մտածել այդ բացթողումները սրբագրելու մասին, բացի եթէ այդ սրբագրութիւնները սադրանքներ պիտի նախապատրաստեն: Թաէֆը կը խօսի նաեւ Ծերակոյտ մը ստեղծելու, ինչպէս նաեւ վարչական ապակեդրոնացեալ դրութիւն մը ստեղծելու մասին: Ո՞վ կը խօսի այդ մասին», հարց տուաւ ան:

Յ. Բագրատունի նշեց, որ ինք համոզուած է, որ խորհրդարանը պիտի գումարէ լիագումար նիստ մը` վաւերացնելու համար անհրաժեշտ օրէնքները:

Լիբանանահայութեան արտագաղթին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ արտագաղթը լիբանանցիին համար միշտ հարց է, սակայն լիբանանահայուն մօտ աւելի շեշտուած կերպով կ՛երեւի, որովհետեւ լիբանանահայութիւնը թիւով աւելի քիչ է, քան այլ համայնքներ:

«Եթէ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասին է նիւթը, այո՛ կային որոշ քուէակեդրոններ, որոնք Պուրճ Համուտէն հեռու էին, եւ այդ պատճառով այդ քուէակեդրոններուն մէջ, որոնք թիւով մէկ երկու հատ են, քուէարկողներուն թիւը քիչ էր: Տիրող կացութիւնը այսօր փայլուն չէ, սակայն մենք կը շարունակենք մեր օժանդակութիւնները մեր ժողովուրդին` առանց անոր համայնքային կամ կուսակցական պատկանելիութեան, մեր միութիւններուն եւ եկեղեցիներուն ճամբով: Կարգ մը հայեր, որոնք արտագաղթած էին Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք, կը վերադառնան Լիբանան: Կան երիտասարդներ, որոնք օտար երկիրներու մէջ ուսանեցան, այսօր կը վերադառնան Լիբանան եւ կը պաշտօնավարեն Լիբանանի համալսարաններուն մէջ: Կը վերադառնան, որովհետեւ տակաւին կը հաւատան Լիբանանին, իրենց արմատները հոս կը տեսնեն եւ կը շարունակեն ապրիլ հոս», ըսաւ ան:

Նախորդը

Լիբանանեան Բանակի Հիմնադրութեան Առիթով Երեսփոխան Յ. Բագրատունիի Համացանցային Գրառումը

Յաջորդը

Միլլըր. «Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Պէտք Է Բարդ Փոխզիջումներու Դիմեն»

RelatedPosts

Նախագահ Աուն Բանակի Հրամանատարէն  Պահանջեց Դէմ Դնել Իսրայէլեան Որեւէ Ներթափանցման
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Բանակի Հրամանատարէն Պահանջեց Դէմ Դնել Իսրայէլեան Որեւէ Ներթափանցման

Հոկտեմբեր 31, 2025
Պայրագտարեան Եւ Պօղոսեան Այցելեցին Նախագահ Աունին
Գլխաւոր լուրեր

Պայրագտարեան Եւ Պօղոսեան Այցելեցին Նախագահ Աունին

Հոկտեմբեր 31, 2025
Պլիտայի Քաղաքապետարանին Վրայ  Իսրայէլեան Յարձակում
Լիբանանեան

Պլիտայի Քաղաքապետարանին Վրայ Իսրայէլեան Յարձակում

Հոկտեմբեր 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?