Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքա հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Ապահովութեան խորհուրդի նիստին ընթացքին քննարկուող լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ այդ նիստին արդիւնքները:
Պու Սաապ Վրոնեցքայի հետ քննարկեց նաեւ հարաւային Լիբանանի սահմանամերձ շրջանին մէջ արձանագրուած մագլցումներուն մանրամասնութիւնները, որոնք նշուած էին Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացուած Վրոնեցքայի տեղեկագիրին մէջ:
Քննարկումի առարկայ դարձան նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն առաքելութիւնը, սահմանային բանավէճերը լուծելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ անյապաղ նախագահական ընտրութիւն կատարելու եւ բարեկարգումի յատուկ օրէնքներ վաւերացնելու կարեւորութիւնը:
Վրոնեցքա այցելեց նաեւ Արժանապատուութիւն հոսանքի նախագահ, երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէի:
Քննարկուեցան լիբանանեան եւ միջազգային մակարդակի վրայ քաղաքական, տնտեսական եւ ապահովական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան կարգ մը հրատապ թղթածրարներ, որոնց շարքին` նախագահական ընտրութեան եւ սահմանադրական ու քաղաքական հաստատութիւններու աշխատանքներուն վերաբերող թղթածրարները:


