Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատ եւ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ այցելեցին թիւ 9 նաւթահորի պեղման նպատակով Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ կառուցուած գումակային հարթակը:
Այս առիթով Համիէ յայտնեց, որ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարութիւնը աշխատանքը միշտ կը համադրէ ուժանիւթի նախարարութեան հետ, որ ուղղակիօրէն առնչուած է լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող նաւթի պեղման հոլովոյթին:
Համիէ շեշտեց, որ «Թոթալ» ընկերութեան պահանջած բոլոր արտօնութիւնները` նաւահանգիստը օգտագործելու թէ պեղումները կատարելու համար, պիտի ընձեռուին, առանց արգելակումներու եւ խոչընդոտներու:
«Այսօր նաւահանգիստին մէջ ենք, իսկ 11 օգոստոս 2023-ին պիտի ըլլանք օդակայանին մէջ` այցելելու եւ ստուգելու համար թիւ 9 նաւթահորի պեղման նպատակով Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ կառուցուած գումակային հարթակը», յայտնեց Համիէ` հաստատելով, որ նաւթի ու բնական կազի թղթածրարը Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն համար ճակատագրական է:
Իր կարգին, Ֆայեատ յայտնեց, որ թիւ 9 նաւթահորի պեղման աշխատանքները 90 օրուան ընթացքին պիտի կատարուին, սակայն նախքան այս ժամանակաշրջանի աւարտը կարելի պիտի ըլլայ նախնական պատկերացում մը կազմել նաւթահորին բովանդակած նաւթի քանակին մասին:
«Մենք այսօր հոս չէինք կրնար ըլլալ, եթէ պատմական պահու մը ընթացքին Լիբանանի ծովային սահմանագծում կատարուած չըլլար», յայտնեց ան:
Ֆայեատ նշեց, որ նաւթի ու բնական կազի պեղման աշխատանքները պիտի կատարեն ֆրանսական «Թոթալ» եւ քաթարեան «Էնի» հանրածանօթ ընկերութիւնները:
Ֆայեատ նշեց, որ Լիբանան տակաւին առիթ ունի օգտուելու բնական իր հարստութենէն, որովհետեւ աշխարհը տակաւին հսկայ կարիք ունի նաւթի ու կազի:


