Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այն Հելուէի Մէջ Զինեալ Բախումները Համեմատաբար Վերջ Գտան

August 3, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ չորս օրեր առաջ ծայր առած բախումները, որոնք երեքշաբթի երեկոյեան համեմատաբար մեղմացած էին, դարձեալ սաստկացան կէս գիշերին:

Նախքան բախումներուն սաստկացումը, լիբանանեան բանակը յաւելեալ ուժ եւ զինուորականներ տեղակայեց Սայտայի մուտքերուն, յատկապէս քաղաքի արեւելեան շրջանին մէջ:

Հարաւային Լիբանանի նահանգապետը վերահաստատեց իր որոշումը` Սայտայի մէջ գործող պետական բոլոր հաստատութիւններն ու գրասենեակները փակ պահելու իմաստով:

Քառօրեայ արիւնալի բախումներէն ետք, երէկ առաւօտեան զինեալ բախումները մեղմացան Այն Հելուէի մէջ: Բախումներուն գրեթէ աւարտը մղեց, որ գաղթակայանէն տեղահան եղած բնակիչները վերադառնան իրենց տուները:

Լիբանանեան բանակը որդեգրեց միջոցառումներ, որոնց շնորհիւ պաղեստինցիները դիւրաւ եւ ապահով մուտք գործեցին Այն Հելուէ:

Նշենք, որ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի յայտնեց, որ ապահովական կառոյցներն ու իշխանութիւնները մօտէն կը հետեւին Այն Հելուէի զինեալ բախումներուն:

Ան աւելցուց, որ լիբանանեան բանակին կարողութիւններուն վրայ վախ չկայ` աւելցնելով, որ բանակը այդ շրջանին մէջ իր բոլոր պարտականութիւնները լիովին կը կատարէ:

Մաուլաուի նշեց, որ բանակին եւ ապահովական կառոյցներուն պարտականութիւնն է ու յանձնառութիւնը` պաշտպանել քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը, ուր որ ալ ըլլան անոնք:

Մաուլաուի հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ Լիբանանի դէմ ահաբեկչական ու դաւադրական ծրագիրներ կը նիւթուին:

Ան կոչ ուղղեց քաղաքական անձնաւորութիւններուն իրենց պարտականութիւնները լիովին կատարելու, յատկապէս նկատի ունենալով այն հանգամանքը, որ ապահովական ուժերն ու զինուորականները իրենց պարտականութիւնները ամբողջութեամբ կը կատարեն:

Միւս կողմէ, նախանցեալ գիշել Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլըր յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն հետեւիլ Այն Հելուէի մէջ տեղի ունեցող զինեալ ծանր բախումներուն մասին հասնող մտահոգիչ տեղեկագիրներուն:

Նախորդը

Պըրրի Պու Սաապի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Շարք Մը Հարցեր

Յաջորդը

Ալիեւ. «Առանց Ռուս Խաղաղապահներուն Ղարաբաղի Հայերուն Հետ Հաղորդակցիլը Աւելի Դիւրին Պիտի Ըլլար»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.