Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այն Հելուէի Մէջ Զինեալ Բախումները Աւելի Ծանր Թափով Շարունակուեցան

Օգոստոս 2, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ չորորդ օրն ըլլալով զինեալ բախումները կը շարունակուին` ստանալով աւելի ծանր թափ:

Ֆաթհի եւ իսլամական շարժումներու, ինչպէս` Օսպաթ Անսարի եւ Ժունտ Շամի միջեւ շարունակուող զինեալ բախումներուն ընթացքին կ՛օգտագործուին գնդացիրներ եւ նռնականետեր, որոնք կը քանդեն գաղթակայանը` արձանագրելով յաւելեալ զոհեր եւ վիրաւորներ:

Սայտա քաղաքը երրորդ օրն ըլլալով փակ կը մնայ` զգուշանալով գաղթակայանէն տեղացող փամփուշտներու տեղատարափէն, ինչպէս նաեւ ռումբերու բեկորներէն:

Սայտայի արեւելեան շրջանին մէջ գտնուող Այն Հելուէ գաղթակայանի բախումներուն պատճառով Սայտայի Թաամիր շրջանի Մուսալլի մզկիթին առջեւ ինկաւ ռումբ մը, որ բարեբախտաբար միայն նիւթական վնասներ պատճառեց` նկատի ունենալով, որ մզկիթին մէջ կան Այն Հելուէի բախումներուն պատճառով տեղահան եղած մեծ թիւով պաղեստինցիներ:

Այս առումով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրիի երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի հետ:

Պըրրի եւ միւֆթի Տըրիան շեշտեցին այդ բախումներուն վտանգաւոր ըլլալու իրականութիւնը:

Տըրիան ողջունեց Պըրրիի ի գործ դրած ճիգերը` հանդարտեցնելու համար զինեալ բախումները, իր կարգին Պըրրի գնահատեց միւֆթի Տըրիանի կողմէ արձակուած` եղբայրասպան կռիւները արգիլելու եւ անմիջական զինադուլի ուղղուելու հրահանգը:

Միւս կողմէ, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա յայտնեց, որ Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ պատահածը ցաւալի է, եւ կոչ ուղղեց բոլորին վերջ տալու զինեալ բախումներուն:

Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ բախումներու կասեցման իմաստով ճնշում բանեցնելու կարողութիւն ունեցողները պէտք չէ ձեռնածալ մնան:

Նշենք, որ Լիբանանի մէջ պաղեստինեան խմբաւորումներու պատասխանատուներու մէկ պատուիրակութիւնը երէկ երեկոյեան ժամը 6:00-ին ուղղուեցաւ գաղթակայան` հասնելու համար զինեալ բախումներու առաջնագիծ եւ կասեցնելու համար գաղթակայանին մէջ ընթացող բախումները:

Կէս ժամ ետք Այն Հելուէի զինեալ բախումները վերջ գտան:

Կառավարութիւնը Հինգշաբթի Օր Կը Շարունակէ 2023-ի
Պետական Ամավարկի, Ինչպէս Նաեւ 4 Այլ Կէտերու Քննարկումը

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին վարչապետարանին մէջ գումարեց ժողով մը` նախագահութեամբ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի:

Նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ այն օրինագիծը, որուն հիման վրայ կառավարութիւնը Կեդրոնական դրամատունէն օտար դրամանիշով վարկեր փոխ պիտի առնէ` ֆինանսաւորելու համար պետական մարզը, եւ որոշուեցաւ օրինագիծի ձեւով զայն փոխանցել խորհրդարանին:

Նշենք, որ նիստին ընթացքին Միքաթի ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլէն պահանջեց Կեդրոնական դրամատան վերաբերող իրաւական հաշուեքննութեան վերջնական տեղեկագիրը ըստ օրէնքի հրապարակել` զայն ստանձնելէ անմիջապէս ետք:

2023-ի պետական ամավարկի եւ 4 այլ կէտերու քննարկումը կառավարութեան կողմէ պիտի շարունակուի վաղը` հինգշաբթի, 3 օգոստոս 2023-ին, կէսօրուան ժամը 12:30-ին:

ՄԻՒՍ կողմէ, կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց պաքալորէայի տնտեսագիտութեան, ընկերային գիտութիւններու, գրականութեան եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքներու պետական քննութիւններու արդիւնքները:

 

Նախորդը

Զելենսքիի Գրասենեակը Խոստացած Է, Որ Անօդաչու Թռչող Սարքերու Ռուսիոյ Տարածքին Վրայ Յարձակումները Աւելի Յաճախ Պիտի Ըլլան

Յաջորդը

Լիբանանեան Բանակի Հիմնադրութեան Առիթով Երեսփոխան Յ. Բագրատունիի Համացանցային Գրառումը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ

Հոկտեմբեր 30, 2025
Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի  Քաղաքական Բանտարկեալներուն  Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի Քաղաքական Բանտարկեալներուն Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն

Հոկտեմբեր 30, 2025
Ուաշինկթըն. «Հըզպալլայի Հետ Ուղղակի Հաղորդակցութիւն Չունինք, Սակայն Շրջանին Մէջ Ունինք Գործընկերներ, Որոնք Կուսակցութեան Հետ Կը Խօսին»
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներ Մինչեւ Տարեվերջ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Հետ Առաջին Աշխատանքային Խումբերը Պիտի Ստեղծեն

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?