Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մքերի. «Պասիլի Պահանջները Կուսակցական Չեն, Եւ Կ՛արժէ Զանոնք Լաւապէս Սերտել»

September 7, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի առաջադրած երկխօսութեան նախաձեռնութիւնը միակ բեկումն է, որ արձանագրուած է Լիբանանը յուզող քաղաքական տագնապի պատին մէջ:

Մքերի նշեց, որ նախագահական ընտրութեան տագնապին իմաստով բեկում յառաջացնելու համար կարիքը կայ կա՛մ ներքին լիբանանեան երկխօսութեան եւ կա՛մ արտաքին նախաձեռնութեան:

«Նկատի ունենալով, որ կայ քաղաքական խմբաւորում մը, որ կը մերժէ երկխօսութիւնը եւ առաջադրուած որեւէ նախաձեռնութիւն, ապա անկարելի պիտի ըլլայ Լիբանանի դիմագրաւած տագնապին արագ լուծումներ ապահովել», ըսաւ Մքերի:

Ան ցաւ յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան նիստը խանգարելու «զէնքը» գոյութիւն ունի ե՛ւ իշխանամէտ, ե՛ւ ընդդիմադիր քաղաքական ուժերուն մօտ:

Մքերի նկատել տուաւ, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէն հանրապետութեան նախագահ ընտրելու  առումով լուրջ բեկում կարելի կ՛ըլլայ արձանագրել, եթէ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն մեծամասնութիւնը համաձայն գտնուի երկխօսութեան մասնակցելու եւ օրինաթիւ գոյացնէ:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Ֆրենժիէ որքանո՛վ պատրաստ է ընդառաջելու Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի պահանջներուն, Մքերի շեշտեց, որ Պասիլի պահանջները կուսակցական չեն, եւ կ՛արժէ զանոնք լաւապէս սերտել, որպէսզի անոնց իրագործումը կարելի դառնայ:

«Լիբանան կարիքը ունի հանրապետութեան նախագահի մը, որ կը համախմբէ երկրին քաղաքական բոլոր ուժերը, եւ այդ կարողութիւնը ունեցողը Սլէյման Ֆրենժիէն է», հաստատեց ան:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Եւրոպական Միութեան Դեսպան. «Լիբանանեան Իշխանութիւններուն Հետ Մտերիմ Գործունէութիւն Պիտի Ծաւալեմ Երկրին Ապաքինում Ապահովելու Նպատակով»

RelatedPosts

Լիբանանեան Նախարարական  Պատուիրակութիւն Մը  Դամասկոս Այցելեց
Լիբանանեան

Լիբանանեան Նախարարական Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոս Այցելեց

November 3, 2026
Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ  Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական  Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան  Մատակարարումը Ընդհատել
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան Մատակարարումը Ընդհատել

November 3, 2026
Ժողովրդավարական Հանդիպում  Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Ժողովրդավարական Հանդիպում Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.