Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մանսուրի. «Սէուտցի Պատասխանատուներուն Հետ Հանդիպումներս Դրական Են»

September 6, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի գործակատար Ուասիմ Մանսուրի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք վաղը` հինգշաբթի, 7 սեպտեմբեր 2023-ին,  պիտի վերադառնայ Պէյրութ:

Ան հաստատեց, որ ելեւմուտքի մարզին վերաբերեալ սէուտցի պատասխանատուներուն հետ իր ունեցած հանդիպումները դրական են:

Մանսուրի հաստատեց, որ լիբանանեան պետութիւնը չֆինանսաւորելու իմաստով իրենց որոշումը վերջնական է: «Ո՛չ լիբանանեան դրամանիշով եւ ո՛չ ալ տոլարով պիտի ֆինանսաւորենք Լիբանանի կառավարութիւնը: Պետութիւնը պէտք է գտնէ միջոցներ` փակելու համար պետական ամավարկին իմաստով արձանագրուած նիւթական բացը», ըսաւ ան:

Մանսուրի հաստատեց, որ դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող լիբանանցի քաղաքացիներուն գումարները վերադարձնելը անկարելի չէ` աւելցնելով, որ այդ իմաստով պիտի ջանան օրինական շրջագիծ մը ճշդել` ամէնէն մօտիկ ժամանակամիջոցին:

Մանսուրի հաստատեց, որ կարելի չէ լիբանանեան դրամատնային մարզին նկատմամբ վստահութիւնը վերականգնել, առանց լիբանանցի քաղաքացիներուն գումարները վերադարձնելու:

Մանսուրի շեշտեց, որ ինք համոզուած է, թէ Սէուտական Արաբիա դրական դերակատարութիւն պիտի ունենայ Լիբանանի ելեւմտական տագնապին լուծման մէջ:

Ան հաստատեց, որ տագնապին լուծման հիմը պէտք է դրուի Լիբանանի մէջ, այսինքն` Լիբանանի մէջ սկիզբ առնեն ելեւմտական մարզին վերաբերող բարեկարգումները, որպէսզի կարելի ըլլայ իսկական ելք մը ապահովել երկրին դիմագրաւած տնտեսական-ելեւմտական տագնապին:

Պատասխանելով ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 15.000 լ. ոսկի ճշդելուն մասին հարցումի մը` Մանսուրի հաստատեց, որ անիկա ճշդուած է 2022-ի պետական ամավարկով եւ ոչ թէ Կեդրոնական դրամատան կողմէ:

«2023-ի պետական ամավարկին մէջ այդ փոխարժէքը փոփոխութեան պիտի ենթարկուի եւ աւելի իրական թիւ մը պիտի ճշդուի, որ 85.000 լ. ոսկիի սահմաններուն միջեւ կը գտնուի: Բնականաբար, երբ պետական ամավարկը հրապարակուի, պէտք է այս փոխարժէքը որդեգրուի: Դրամատուները իրենց կարգին պէտք է նոյն փոխարժէքով գործեն, նոյնիսկ դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներուն գումարները այդ փոխարժէքով վերադարձնեն: Պէտք է վաւերացնել օրէնսդրական ամբողջական փաթեթ մը` պահպանելու համար հաշիւ ունեցող քաղաքացիները, դրամատուներն ու պետութիւնը. եթէ իրարու լրացնելու այս օրէնսդրութիւնը չվաւերացուի, ապա ելեւմտական տագնապին համար ելք մը ապահովելը շատ դժուար է», ըսաւ ան:

Նշենք, որ անցեալ շաբաթավերջին Մանսուրի ներկայ գտնուեցաւ Ռիատի մէջ կայացած Արաբական դրամատուներու համադաշնակցութեան խորհրդաժողովին:

Նախորդը

Թինընթի. «Հարաւային Լիբանանի Սահմանամերձ Շրջանին Մէջ Լարուած Վրանները Թիւ 1701 Բանաձեւի Խախտում Կը Նկատուին»

Յաջորդը

Քըրըմ. «Յանձնառու Կը Մնանք Քաղաքացիները Համացանցի Ծառայութենէ Չզրկելու»

RelatedPosts

Շէյխ Խաթիպ. «Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Առանց ՄԱԿ-ի Լիազօրութեան Որեւէ  Միջազգային Ուժ Կը Մերժենք»
Լիբանանեան

Շէյխ Խաթիպ. «Հարաւային Լիբանանի Մէջ Առանց ՄԱԿ-ի Լիազօրութեան Որեւէ Միջազգային Ուժ Կը Մերժենք»

October 14, 2026
Հըզպալլան Աւերուած Կամ Ոչ Բնակելի  Տուներ Ունեցողներու Պատսպարման  Ծրագիրի Մը Մեկնարկը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Հըզպալլան Աւերուած Կամ Ոչ Բնակելի Տուներ Ունեցողներու Պատսպարման Ծրագիրի Մը Մեկնարկը Յայտարարեց

October 14, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.