Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միքաթի. «Լիբանան Յանձնառու Կը Մնայ ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերու Առաքելութիւնը Երկարաձգած Միջազգային Բանաձեւի Գործադրութեան»

September 7, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի այսօր պիտի նախագահէ կառավարութեան զոյգ նիստերուն, որոնց ընթացքին պիտի քննարկուի 2024-ի պետական ամավարկի նախագիծը:

Առաջին ժողովը պիտի գումարուի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, իսկ երկրորդը` կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին:

Միւս կողմէ, Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ունեցաւ շարք մը այցելուներ, որոնց հետ քննարկեց երկրին վերաբերող հարցեր:

Միքաթիի այցելեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Արոլտօ Լասարոն:

Ներկայ գտնուեցան նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն մօտ Լիբանանի կառավարութեան համադրող գնդապետ-զօրավար Մունիր Շահատէ, ինչպէս նաեւ Միքաթիի խորհրդական Զիատ Միքաթի:

Միքաթի ընդգծեց, որ Լիբանան յանձնառու պիտի մնայ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ հրապարակած` ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն առաքելութիւնը երկարաձգումին վերաբերող բանաձեւին գործադրութեան:

Միքաթի հաստատեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պատրաստ է գործակցելու ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն հետ` լիբանանեան բանակին ընդմէջէն, պաշտպանելու համար հարաւային Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:

Միքաթի դրուատեց լիբանանեան բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն միջեւ գոյութիւն ունեցող աշխուժ գործակցութիւնը` կոչ ուղղելով ՖԻՆԻՒԼ-ին յաւելեալ աշխատանք տանելու` կասեցնելու համար լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ գործուած իսրայէլեան ոտնձգութիւնները:

Նշենք, որ զօր. Լասարօ այցելեց նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի իրավիճակն ու ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն ստանձնած պարտականութիւնները:

Միքաթիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Համիշ Քոուել, որ վարչապետի պաշտօնակատարի հետ քննարկեց լիբանանեան-բրիտանական երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանան-Բրիտանիա զինուորական գործակցութիւնն ու լիբանանեան կրթական մարզին օժանդակելու Լոնտոնի պատրաստակամութիւնը:

Միքաթիի այցելեց Լիբանանի մէջ նոր նշանակուած Քաթարի դեսպան շէյխ Սէուտ պըն Ապտել Ռահման պըն Ֆայսալ Թանի Ալ Թանին: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Վարչապետ Միքաթի ընդունեց արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Հանրի Խուրին, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող հարցեր:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղան նաեւ երեսփոխաններ Մոհամետ Սլէյման, Մոհամետ Եհիա, Ամին Շըրրի եւ Իպրահիմ Մուսաուի:

Նախորդը

Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Քննարկեց Սուրիացի Տեղահանուածներու Նոր Հոսքի Հարցը

Յաջորդը

Հաճիեւ Կը Շարունակէ Պնդել, Թէ Արցախի Շրջափակում Չկայ

RelatedPosts

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք,  Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք, Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»

September 15, 2026
Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ  Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան  Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»

September 15, 2026
Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները`  Հոկտեմբերի՞ն
Լիբանանեան

Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները` Հոկտեմբերի՞ն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.