Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Սեպտեմբեր 9, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը նուազած է 8000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 7000 լ. ոսկիով, մազութին սակը սղած է 13.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազին սակը փոփոխութիւն չէ կրած: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.801.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.839.000 լ. ոսկի, իսկ մազութը` 1.679.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 914.000 լ. ոսկի:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի ընդունեց Լիբանանի մէջ Քաթարի նոր դեսպան շէյխ Սէուտ պըն Ապտել Ռահման պըն Ֆայսալ Թանի Ալ Թանին: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի գործակցութեան վերաբերող հարցեր: Ալ Թանի այցելեց նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնի գործակատար հազարապետ-զօրավար Էլիաս Պայսարիի, որուն հետ քննարկեց դեսպանատան եւ ընդհանուր տնօրէնութեան միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա հաստատեց, որ ժամանակը հասած է ճշդելու նուազագոյն աշխատավարձի նոր սահմանում մը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ատիպ Ապտել Մեսիհ շեշտեց, որ պահանջուած է նախագահական ընտրութիւն կատարելու ազդանշան մը, որպէսզի անոր յաջորդէ երկրին բարեկարգումը:

ՆԱՀԸԺ շարժումի նախագահ, նախկին երեսփոխան Հասան Եաագուպ յայտնեց, որ պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ բռնկած զինեալ բախումները հակակշիռի տակ առնելը ողջունելի է, սակայն անիկա ժամանակաւոր է, որովհետեւ կացութիւնը լարուած է, եւ իսլամական խմբաւորումները ունին իրենց յատուկ օրակարգը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ Դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը գումարեց իր նիստը, որուն ընթացքին հաստատուեցաւ, որ երկրին դիմագրաւած տագնապներուն հիմնական լուծման մը յանգելու նախաքայլը կը նկատուի նախագահական ընտրութիւնը, որ պիտի կատարուի համախոհութեան շրջագիծի մէջ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ ուղղուած ազգային երկխօսութեան հրաւէրը կը միտի աւելի եւս արգելակել նախագահական ընտրութեան հոլովոյթը:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ Քլեմանսոյի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրոն` ներկայութեամբ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուրի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Մակրօ այցելեց նաեւ Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանի, որուն հետ հանդիպումը ունէր ծանօթացման արարողակարգային բնոյթ: Քննարկուեցան լիբանանեան ընդհանուր իրադարձութիւնները:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն Եարզէի մէջ ընդունեց Փոփոխութեան երեսփոխան Էլիաս Ժրատէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Զօր. Աունի այցելեց նաեւ Թրիփոլիի եւ հիւսիսային Լիբանանի միւֆթի Մոհամետ Իմամն ու մարոնի համայնքի առաջնորդներ Կի Պուլոս Նժայմ եւ Եուսեֆ Սուեֆ եպիսկոպոսները:

 

 

Նախորդը

Ճատրակ. Եւրոպայի Պատանեկան Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Ներկայացուցիչներուն Արդիւնքները` 3-րդ Հանգրուանի Մրցումներէն Ետք

Յաջորդը

«Քորալ» Ընկերութեան Կողմէ Յստակացում

RelatedPosts

Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Մինչեւ  Թիւ 1701 Որոշումի Գործադրման Համար Անհրաժեշտ  Ժամանակով ՖԻՆԻՒԼ-ի Ներկայութեան»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Մինչեւ Թիւ 1701 Որոշումի Գործադրման Համար Անհրաժեշտ Ժամանակով ՖԻՆԻՒԼ-ի Ներկայութեան»

Օգոստոս 20, 2025
Ապահովութեան Խորհուրդը Սկսաւ Քննարկել  ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերաբերեալ  Ֆրանսական Նախագիծը
Լիբանանեան

Ապահովութեան Խորհուրդը Սկսաւ Քննարկել ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերաբերեալ Ֆրանսական Նախագիծը

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?