Հզօր Լիբանան Համախմբումը Կոչ Կ՛ուղղէ Սուրիացի Տեղահանուածներուն Դիմաց Սահմանները Փակելու
Հզօր Լիբանան համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ նախագահեց համախմբումի նիստին, որմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ նախագահական ընտրութեան վերաբերող որեւէ իսկական երկխօսութիւն ողջունելի է: Համախմբումը շեշտեց, որ պէտք է նաեւ ճշդել երկխօսութեան տեւողութիւնը, վայրը, ընդգրկելիք նիւթն ու ձեւը, ինչպէս նաեւ պայման դնել, որ անկէ ետք կարելի ըլլայ նախագահական ընտրութիւն կատարել: «Նախագահական ընտրութիւնը կարելի պիտի ըլլայ կատարել կա՛մ նախապէս համաձայնելով համախոհական...




















