Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սամի Ժեմայէլ Ժոմպլաթի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Շարք Մը Հարցեր

September 8, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթ Քլեմանսոյի մէջ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Սամի Ժեմայէլը, որուն ընկերակցեցաւ կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը:

Պատուիրակութեան մաս կազմեցին երեսփոխաններ Սելիմ Սայեղ, Նետիմ Ժեմայէլ եւ Էլիաս Հանքաշ, ինչպէս նաեւ կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Սերժ Տաղեր:

Ներկայ գտնուեցան նաեւ Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամներ Աքրամ Շեհայէպ, Հատի Ապուլ Հասան, Պիլալ Ապտալլա եւ Ֆայսալ Սայեղ, Ժոմպլաթի քաղաքական հարցերու խորհրդական Հուսամ Հարպ, ինչպէս նաեւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավարութենէն Մարուա Ապու Ֆրաժ եւ Քամել Ղըսայնի:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան հրապարակած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան շարք մը հարցեր` ընդգծելով նախագահական ընտրութեան կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ բարեկարգումներուն գործադրութեան սկսելու կարեւորութիւնը` լուծելու համար երկրին ելեւմտական, տնտեսական եւ ապրուստի հարցերը:

Հաղորդագրութիւնը կը նշէ նաեւ, որ հանդիպումին ընթացքին հաստատուեցան հաշտութեան կարեւորութիւնը եւ անոր ամրապնդումը:

Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ իրենց այցելութեան նպատակն է շնորհաւորել Թէյմուր Ժոմպլաթի ընտրութիւնը` իբրեւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախագահ, եւ անոր բարեմաղթութիւններ փոխանցել կուսակցութեան ղեկավարութեան առումով:

Ժեմայէլ ընդգծեց, որ Փաղանգաւոր եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեանց միջեւ գործակցութիւնը միշտ առկայ է` պաշտպանելու համար ազգային միասնականութիւնը, եւ վերականգնելու երկրին ազատութիւնն ու գերիշխանութիւնը:

Ժոմպլաթի այցելեց նաեւ ընդդիմադիր երեսփոխաններու պատուիրակութիւն մը, որոնց անունով Հզօր հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Հասպանի յայտնեց, որ կան կարգ մը կէտեր, որոնք մօտեցումի իմաստով յստակացումի

կարիք ունին` աւելցնելով, որ ընդդիմութեան եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան միջեւ գործակցութիւնն ու խորհրդակցութիւնները պիտի շարունակուին:

Ժեմայէլ Ընդունեց Պելճիքայի Եւ
Քանատայի Դեսպանները

Միւս կողմէ, Ժեմայէլ ընդունեց Լիբանանի մէջ Պելճիքայի դեսպան Կուեն Վիրվայքը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի դիմագրաւած տագնապները եւ անոնց անլուծելի ըլլալու իրականութիւնը:

Ժեմայէլ շեշտեց, որ Լիբանանը առեւանգուած է Հըզպալլայի կողմէ` աւելցնելով, որ Հըզպալլա իր հակակշիռին տակ առած է բոլոր հաստատութիւնները, եւ թէ այս իրավիճակէն դուրս գալը բացարձակ առաջնահերթութիւն կը նկատուի եւ կարիքը ունի ոչ աւանդական մօտեցումի` վերստանձնելու համար պետութեան որոշումը:

Ժեմայէլի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Քանատայի դեսպան Սթեֆանի Մըքքոլմ: Քննարկուեցան նախագահական ընտրութեան վերաբերող մանրամասնութիւններ, ինչպէս նաեւ Հըզպալլայի քանդիչ դերակատարութիւնը` նկատի ունենալով, որ Հըզպալլա կը գտնուի ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցանկին վրայ:

Ժեմայէլ եւ Մըքքոլմ քննարկեցին նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

 

Նախորդը

Օտեսայի Շրջանին Վրայ Անօդաչու Թռչող Սարքերու Յարձակման Պատճառով Քաղաքային Եւ Նաւահանգստային Ենթակառոյցներ Վնասուած Են

Յաջորդը

Պու Հապիպ. «Կառչած Կը Մնանք Յաւելեալ Ջանքեր Թափելու` Նախագահական Ընտրութիւն Կատարելու Մեր Պատասխանատուութիւնը Ստանձնելու Առումով»

RelatedPosts

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց

October 3, 2026
Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ  Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ
Լիբանանեան

Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ

October 3, 2026
«Երկրին Դիմագրաւած Բոլոր Սպառնալիքներուն Դէմ  Անհրաժեշտ Բոլոր Քայլերը Պիտի Որդեգրուին»  Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը
Լիբանանեան

Թուրքիոյ Հաղորդակցութիւններու Բաժանմունքի Նախագահութիւնը Կը Հերքէ Սուրիա-Հըզպալլա Ժողովի Լուրը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.