Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ երէկ նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Չինաստանի դեսպան Չիան Մինճիանը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Պու Հապիպ շնորհակալութիւն յայտնեց Մինճիանին Չինաստանի ցուցաբերած կեցուածքին համար` Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն առաքելութիւնը մէկ տարիով երկարաձգելու նպատակով գումարուած Ապահովութեան խորհուրդի նիստին ընթացքին:
Միւս կողմէ, Պու Հապիպ Գահիրէի մէջ տեղի ունեցած Արաբական լիկայի 160-րդ ժողովին ընթացքին յայտնեց, որ անցնող ժամանակաշրջանին միջարաբական աշխատանքի յաւելեալ կարիք զգացուած է, ինչպէս նաեւ հաստատուած անոր կարեւորութիւնը` դիմագրաւելու համար արաբական աշխարհին սպառնացող մարտահրաւէրները:
Պու Հապիպ յայտնեց, որ Լիբանան տակաւին դժուար մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ` նկատի ունենալով ելեւմտական, տնտեսական, ընկերային եւ ապրուստի պայմանները, որոնք ունին ներքին եւ արտաքին ծանօթ պատճառներ:
Ան նշեց, որ այդ տագնապներուն ունեցած քաղաքական հետեւանքներէն առաջինը կը նկատուի նախագահական ընտրութեան դժուարութիւնը` աւելցնելով, որ իրենք կառչած կը մնան յաւելեալ ջանքեր թափելու` նախագահական ընտրութիւն կատարելու իրենց պատասխանատուութիւնը ստանձնելու, ինչպէս նաեւ բարեկարգումները գործադրելու առումով, որպէսզի կարելի ըլլայ վերակառուցել պետութիւնն ու տնտեսութիւնը:
Պու Հապիպ անդրադարձաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն առաքելութիւնը մէկ տարիով երկարաձգելու նպատակով գումարուած Ապահովութեան խորհուրդի նիստին` հաստատելով, որ ճիգ չէ խնայուած այդ իմաստով որոշումը պահելու վեցերորդ յօդուածին ներքեւ եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն աշխատանքը համադրելու Լիբանանի կառավարութեան հետ:
Անդրադառնալով Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին` Պու Հապիպ հաստատեց, որ անոնք յաւելեալ ճնշում կը նկատուին երկրին տնտեսական եւ ընկերային սահմանափակ կարողութիւններուն վրայ:
«Բոլորին համար պէտք է յստակ դառնայ, որ քաղաքական, տնտեսական եւ ապրուստի իր ահաւոր տագնապը շրջանցելու նպատակով Սուրիոյ օժանդակութիւնը կարեւոր է եւ անմիջական: Այլապէս տեղահանուածներու նոր հոսքի մը հաւանականութիւնը կրնայ շատ վտանգաւոր ըլլալ», յայտնեց ան:
Պու Հապիպ անհրաժեշտ գտաւ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը դիւրացնելու եւ արագացնելու քայլերը: «Այս թղթածրարի քաղաքականացումին պէտք է վերջ մը դնել, որովհետեւ անիկա կը սպառնայ Լիբանանի եւ հիւրընկալ երկիրներու ապահովական կայունութեան», ըսաւ ան:
Պու Հապիպ ակնարկեց նաեւ Պաղեստինեան հողերուն վրայ արձանագրուած իսրայէլեան վայրագութեան եւ պաղեստինցիներուն դէմ իսրայէլցիներուն գործած բռնարարքներուն` ողջունելով պաղեստինեան ուժերուն հերոսութիւնն ու զոհողութիւնները:
Պու Հապիպ վերահաստատեց, որ պէտք է զօրակցիլ իրենց երկիրը ազատագրելու եւ պաղեստինեան պետութիւնը հաստատելու պաղեստինցիներու պայքարին: