Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արեւմտեան Աղբիւրներ Կը Շեշտեն Ֆրանսական Եւ Քաթարեան Միջնորդական Նախաձեռնութիւններուն Շարունակութիւնը

October 5, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արեւմտեան դիւանագիտական աղբիւրներ հաստատած են Լիբանանի նախագահական ընտրութեան առումով ֆրանսական եւ քաթարեան միջնորդական նախաձեռնութիւններուն շարունակութիւնը:

Նոյն աղբիւրները շեշտեցին, որ Լիբանանի համար Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի յատուկ պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիան պիտի վերադառնայ Լիբանան, իսկ քաթարեան կողմը պիտի չկասեցնէ իր փորձերը, մինչեւ որ նախագահական ընտրութեան թղթածրարին առումով կարելի ըլլայ բեկում մը ստեղծել:

Արեւմտեան այս աղբիւրները յայտնեցին, որ Ֆրանսա լուրջ մտահոգութեամբ կը դիտէ Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը, եւ հակառակ անոր որ Փարիզ միշտ կը զօրակցի Լիբանանին, այսուհանդերձ ֆրանսական իշխանութիւնները յուսախաբ են երկրին զարթօնքն ու բարեկարգումը արգիլող քաղաքական խոչընդոտներէն:

Նոյն աղբիւրները կ՛ընդգծեն, որ այս պայմաններուն մէջ Ֆրանսա կառչած կը մնայ լիբանանցիներուն զօրակցութեան:

Արեւմտեան այս աղբիւրները նկատել տուին, որ նախագահական ընտրութեան առումով արձակուելիք գաղտնաբառը ամերիկեան է եւ ուղղակիօրէն առնչուած է լուսարձակներէ հեռու Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ ընթացող հիւլէական բանակցութիւններու արդիւնքներուն: «Լիբանանի մէջ անկարելի է հանրապետութեան նախագահ ընտրել, առանց Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միացեալ հաւանութեան», յայտնեցին նոյն աղբիւրները:

Այս բոլորին կողքին, Սէուտական Արաբիա կը պնդէ Թաէֆի համաձայնագիրը գործադրելու կարեւորութիւնը` կտրականապէս մերժելով այդ համաձայնագիրին շրջագիծէն դուրս գալ: Սէուտական Արաբիա կը յանձնարարէ նախագահական ընտրութիւնը կատարել սահմանադրական գործիքակազմի մը ընդմէջէն` քաղաքական ուժերուն միջեւ գոյացնելով հաւասարակշռութիւն մը:

Արեւմտեան աղբիւրները ընդգծեցին նաեւ, որ Ռիատի համար առաջնահերթութիւն է Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն գերագոյն շահերուն երաշխաւորումը:

 

Նախորդը

Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Կոչ Ուղղեց Միջազգային Ընտանիքին Աշխատելու Արցախահայութեան Տունդարձին Ուղղութեամբ

Յաջորդը

Դատապարտելով Ազրպէյճանի Կողմէ Արցախի Գրաւումը` Լիբանանցի Պատասխանատուներ Կոչ Ուղղեցին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի Նիստի Գումարման

RelatedPosts

Ընդունելով Լիբանանի Մէջ Հաւատարմագրուած  Օտարերկրեայ Դեսպանները`  Նախագահ Աուն. «Զէնքի Մենաշնորհման Հարցին Մէջ  Իրականութիւնը Ձեր Տեսածն Է Եւ Ոչ Թէ Ձեր Լսածը»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդունելով Լիբանանի Մէջ Հաւատարմագրուած Օտարերկրեայ Դեսպանները` Նախագահ Աուն. «Զէնքի Մենաշնորհման Հարցին Մէջ Իրականութիւնը Ձեր Տեսածն Է Եւ Ոչ Թէ Ձեր Լսածը»

January 21, 2026
Պըրրի. «Հարեթ Հրէյքի Թիրախաւորումը  Չափազանց Վտանգաւոր Զարգացում Է, Որ Ցոյց Կու Տայ,  Թէ Պէյրութը Պաշտպանելու Երաշխիքներ Չկան»
Լիբանանեան

Պըրրի. «Սէուտցիները Կը Շեշտեն, Որ Որոշումը Պետութեանը Ըլլայ, Եւ Պըն Ֆարհանի Հետ Հանդիպումս Հոյակապ Էր»

January 21, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

January 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.