Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 4, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.500 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն 95 օքթան պենզինի սակը նուազած է 18.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 18.000 լ. ոսկիով, իսկ մազութի թիթեղին սակը սղած է 8000 լ. ոսկիով եւ  պիւթակազը` 14.000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար վառելանիւթի նոր սակերն են. 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.814.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.852.000 լ. ոսկի, մազութը` 1.781.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 968.000 լ. ոսկի:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ընդունեց առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆիրաս Ապիատը, որուն հետ քննարկեց առողջապահութեան մարզը յուզող հարցերը: Հանդիպումէն ետք Ապիատ յայտնեց, որ իրենց նպատակն է պաշտպանել լիբանանցի քաղաքացիներուն առողջապահութիւնը, առաջնահերթութիւն ընծայելով քաղցկեղէ տառապողներուն:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան ընդունեց նախկին նախարարներ Մարուան Շարպելն ու Մոհամետ Ֆահմին, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Մուրթատա հաստատեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երկխօսութիւնը չէ արգիլած` աւելցնելով, որ առանց համախոհութեան` տագնապներէն կարելի չէ դուրս գալ:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Հեքթոր Հաժժար յայտնեց, որ «Աման» ծրագիրի շրջագիծին մէջ ամէնէն աղքատ ընտանիքներու տրամադրուած նիւթական օժանդակութիւնը փոխանցուած է 20.568 ընտանիքի, այս ամսուան համար:

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ գնդապետ Հատի Հիւսէյնին ժամանակաւորապէս նշանակեց նախարարութեան վարչութեան ընդհանուր տնօրէն, մինչեւ որ կարելի ըլլայ մնայուն ընդհանուր տնօրէնի նշանակումը: Նշենք, որ Սլիմ այս միջոցառումը որդեգրեց, երբ ընդհանուր տնօրէն գնդապետ Մունիր Շահատէ 1 հոկտեմբեր 2023-ին հանգստեան կոչուեցաւ:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Թամմամ Սալամ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հեմիշ Քոուելը, որ ընդգծեց Լիբանանի մէջ հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութիւնը անմիջապէս կատարելու անհրաժեշտութիւնը:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպան շէյխ Սէուտ պըն Ապտել Ռահման պըն Ֆայսալ Ալ Թանին: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս նախագահական ընտրութեան վերաբերող: Հանդիպումէն ետք մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Ժեմայէլ ըսաւ. «Եթէ Հըզպալլա երկրին յանձնառու է` այնպէս ինչպէս կը յայտարարէ, ապա թող յետս կոչէ նախագահական իր թեկնածուն եւ այլ թեկնածու մը առաջադրէ»:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Զիատ Հաուաթ յայտնեց, որ իրենք ցեղապաշտ չեն, սակայն պիտի շարունակեն հսկել եւ արգիլել ապօրինի կերպով Լիբանան մուտք գործող սուրիացի տեղահանուածները:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Հատի Ապուլ Հասան յայտնեց, որ հակառակ քաթարեան նախաձեռնութեան եւ ի գործ դրուած ճիգերուն, նախագահական ընտրութեան թղթածրարը կը մնայ տեղքայլի մէջ:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Անթուան Հապշի Քաայի մէջ տեղի ունեցած ընթրիքի երեկոյի մը ընթացքին ներկայացուց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահը: Հապշի շեշտեց, որ ինք հորիզոնին վրայ ոչինչ կը տեսնէ նախագահական ընտրութեան առումով:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Խրէյս յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան առումով երկխօսութիւնը լուծման առաջնաքայլ է:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Ալաուին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Ալաուիի այցելութիւնը հրաժեշտի բնոյթ ունէր: Զօր. Աունի այցելեցին նաեւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Սանտրա Տիւ Վալ, ինչպէս նաեւ Պէյրութի համալսարանի տնօրէն Ուաէլ Ապտել Սալամ:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ալճերիոյ դեսպան Ռաշիտ Պալպաքին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ ձերբակալած է աւազակ մը, որ գողութիւններ կատարած է Շիյահի, Այն Ռըմմանէի եւ Ֆըրըն Շըպպեքի մէջ: Ան խոստովանած է նաեւ, որ թմրամոլ է:

ՊԵՏԱԿԱՆ անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Զահլէի մէջ ներխուժած է սուրիացի տեղահանուածներու պատկանող վրան մը, ուրկէ գրաւած է մեծ քանակութեամբ զէնք ու զինամթերք:

Նախորդը

Նիքոլա Եուրշեւիչ` Լիբանանի Ազգային Խումբի Մարզիչ

Յաջորդը

Սէյիտ Նասրալլա. «Նախագահական Ընտրութեան Առումով Նորութիւն Չկայ»

RelatedPosts

Ռուպիօ Նախագահ Աունը Յորդորած Է Լիբանանի  Եւ Իսրայէլի Բանակներուն Միջեւ Ուղղակի  Հաղորդակցութիւնները Սկսելու
Լիբանանեան

Ռուպիօ Նախագահ Աունը Յորդորած Է Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Բանակներուն Միջեւ Ուղղակի Հաղորդակցութիւնները Սկսելու

October 17, 2026
«Քաթարը Կը Փորձէ Լիբանանի Մէջ Ուժանիւթի Հարցի  Համապարփակ Լուծումներ Ներկայացնել»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

«Քաթարը Կը Փորձէ Լիբանանի Մէջ Ուժանիւթի Հարցի Համապարփակ Լուծումներ Ներկայացնել» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

October 17, 2026
Խաթիպզատէ. «Լիբանանի Մէջ Իրանի  Դեսպանի Հարցը Պէտք Չէր Այսչափի Հասնէր»
Լիբանանեան

Խաթիպզատէ. «Լիբանանի Մէջ Իրանի Դեսպանի Հարցը Պէտք Չէր Այսչափի Հասնէր»

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.