Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 6, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.500 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի Լիբանանի նահանգապետներուն յղեց երկու հրամանագիրներ, որոնք կը նշեն, թէ անոնք պէտք է խորհուրդ տան գաւառապետներուն, ինչպէս նաեւ քաղաքապետներուն եւ թաղապետներուն` մերժելու որեւէ տեսակի նուիրատուութիւն, որ կապուած է սուրիացի տեղահանուածներուն եւ Լիբանանի մէջ անոնց կեցութիւնը ապահովելու հետ: Մաուլաուի երկրորդ հրամանագիրով քաղաքապետութիւններէն եւ թաղապետներէն պահանջեց երկշաբաթեայ դրութեամբ նախարարութիւնը տեղեակ պահել կառավարութեան կողմէ տրուած թիւ 74 հրամանագիրը գործադրելու առումով:

ՊԵՏԱԿԱՆ անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը Նապաթիէի մէջ սկսաւ սուրիացի տեղահանուածներուն պատկանող ապօրինի վրաններուն հեռացումը: Քաղաքապետութիւններէն արտօնագիր չունեցող կարգ մը վրաններ հեռացնելու ընթացքին Պետական անվտանգութեան ուժերը վրաններուն մէջ գտան գնդացիրներ:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ 20 սեպտեմբեր 2023-ին, ամերիկեան դեսպանատան դէմ կրակողը խոստովանած է, թէ շուրջ ամիս մը առաջ` 25 օգոստոս 2023-ին, կրակած է նաեւ Զոքաք Պլաթի մէջ գտնուող դեսպանատուներու համալիրին դէմ:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Թամմամ Սալամ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց Լիբանանն ու շրջանը յուզող հարցերն ու իրադարձութիւնները:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Միշել Խուրի մահացաւ 91 տարիներ բոլորելէ ետք: Միշել Խուրիի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի վաղը` շաբաթ, 7 հոկտեմբեր 2023-ին, Ամշիթի Մար Եուհաննա եկեղեցւոյ մէջ:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ եւ վարչական հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան յայտնեց, որ լիբանանցիները պէտք է զարթնին եւ երկրին մէջ սուրիացի տեղահանուածներուն գոյութեան ու անոր վտանգներուն դէմ կանգնին:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի: Պլոքը ցաւ յայտնեց, որ ոմանք պատճառ դարձած են լիբանանեան ազգային երկխօսութիւնը չեղարկելուն: Իսկ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին լուծման առումով, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքը շեշտեց, որ տեղահանուածներուն հարցը վերջ կը գտնէ, երբ Միացեալ Նահանգներ կը կասեցնեն հաւատադրժողական ահաբեկչութեան իրենց զօրակցութիւնը եւ Սուրիոյ շրջափակումին վերջ կու տան:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Տահեր յայտնեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու հարցը կրակէ գնդակ մը չէ, այլ` ազգային պատասխանատուութիւն մը, որ ճակատագրական է եւ որուն համար պատմութիւնը բոլորս հաշուի պիտի հրաւիրէ:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ղայյաս Եազպեք յայտնեց, որ սուրիացի տեղահանուածներուն առումով իրենց մշակելիք ծրագիրը ամբողջական է եւ պարզապէս ստորագրահաւաքի բողոքագիր մը չէ:

ԻԹԹԻՀԱՏ կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Հասան Մըրատ երէկ ընդունեց Անկախ նասըրականներու Մուրապիթուն շարժումի ղեկավար խորհուրդի քարտուղար Մուսթաֆա Համտանը, որուն հետ քննարկեց երկրին իրավիճակը: Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ Լիբանանը փրկելու համար բոլոր ջանքերը մէկտեղելու կարեւորութիւնը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ ոմանք վարժ են խուսանաւումի եւ խաբեբայութեան քաղաքականութեան եւ զայն կը գործադրեն իրենց առօրեային մէջ, ինչպէս է պարագան նախագահական ընտրութեան թղթածրարին առումով ընդդիմութեան կեցուածքին:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Պաղեստինեան իշխանութեան դեսպան Աշրաֆ Տապպուր ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրոն, որուն հետ քննարկեց պաղեստինեան գաղթակայաններուն եւ պաղեստինցի գաղթականներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրներն ու տառապանքը: Քննարկուեցան նաեւ պաղեստինեան գաղթակայաններուն մէջ արձանագրուած վերջին զարգացումներն ու ներկայիս տիրող կացութիւնը:

ԴԱՇՆԱԿՑԱՅԻՆ խորհրդաժողովի մնայուն ընդհանուր քարտուղար Ալֆրետ Ռիաշի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներուն թիւը հասած է 4 միլիոնի` աւելցնելով, որ այդ տեղեկութիւնները ձեռք ձգած է ՄԱԿ-ի պատկանող կողմէ մը, որ մասնակցած է վերջերս կատարուած վիճակագրութեան:

 

 

Նախորդը

Պայերն Միւնիխի Մրցանիշները Կը Բարելաւուին

Յաջորդը

Թէյմուր Ժոմպլաթ Կենսոլորտային Հարցեր Քննարկեց Նասեր Եասինի Հետ

RelatedPosts

Լիբանանեան Նախարարական  Պատուիրակութիւն Մը  Դամասկոս Այցելեց
Լիբանանեան

Լիբանանեան Նախարարական Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոս Այցելեց

November 3, 2026
Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ  Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական  Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան  Մատակարարումը Ընդհատել
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան Մատակարարումը Ընդհատել

November 3, 2026
Ժողովրդավարական Հանդիպում  Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Ժողովրդավարական Հանդիպում Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.