Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 5, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.500 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ շնորհաւորագիրներ յղեց Եգիպտոսի եւ Սուրիոյ նախագահներ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի եւ Պաշշար Ասատի` շնորհաւորելով հոկտեմբերի ազատագրական պատերազմներուն յիսնամեակը: Պըրրի զոյգ երկիրներու ղեկավարներուն փոխանցեց իր բարեմաղթութիւնները: Պըրրիի այցելեց Լիբանանի մէջ Յունաստանի դեսպան Քաթրին Ֆոնթոլաքին. քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւններն ու լիբանանեան-յունական երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ հանդիպում մը ունեցաւ Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սեզար Ապի Խալիլի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան տարբեր շրջաններու բարգաւաճման թղթածրարները, յատկապէս` Ալէյի կարիքները:

ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Իսամ Շարաֆէտտին հաստատեց, որ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ Ուաշինկթընի նամակաբաշխն է, իսկ կառավարութիւնը շատ անգամ ամերիկեան կեցուածք ունի:

ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպան Մարիա Թիոտոսիուն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ղասսան Սքաֆ հարց տուաւ, որ նախագահական ընտրութեան շրջագիծին մէջ եթէ ֆրանսական նախաձեռնութեան կանգ առնելուն միանայ նաեւ քաթարեան նախաձեռնութիւնը, ապա երկիրը ո՞ւր պիտի հասնի:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ Պնաշհիի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպան Սէուտ պըն Ապտել Ռահման Ալ Թանին: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային քաղաքական իրադարձութիւնները: Հանդիպումը ունէր ծանօթացման արարողակարգային բնոյթ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան առումով Դիմադրութեան առանցքը կը մերժէ երրորդ թեկնածուի մը գոյութիւնը` աւելցնելով, որ նախագահական ընտրութիւնը անել կացութեան մը դէմ յանդիման կը գտնուի: Ան հաստատեց, որ իրենք պատրաստ են Լիբանանի համար Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի յատուկ պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիանի կողմէ երրորդ թեկնածուի մը կարելիութիւնը քննարկելու առաջարկը: Ժահժահ շեշտեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի թեկնածութեան դէմ վեթօ չունի:

ՆԱՀԸԺ շարժումի ղեկավար, նախկին երեսփոխան Հասան Եաագուպ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ կարելի պիտի չըլլայ ընտրել, մինչեւ որ մեծ պետութիւնները չիմանան լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող բնական կազի քանակը: «Միայն կազի այդ քանակին պարզուելէն ետք է, որ պիտի սկսին նախագահական ընտրութեան իսկական բանակցութիւնները», շեշտեց ան:

 

 

 

Նախորդը

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «Չեմփիընզ Լիկ». Լանս – Արսենալ` 2-1. Մանչեսթըր Եունայթտ Պարտուեցաւ Օլտ Թրաֆորտի Մէջ

Յաջորդը

Մաուլաուի. «Սուրիացիները Լիբանանի Մէջ Մեծ Թիւով Ոճիրներ Կը Գործեն, Եւ Անոնց Ամէնուրեք Ներկայութիւնը Պիտի Չարտօնենք»

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.