Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ ընթացիկ հարցերու կառավարութեան կողմէ կազմուած նախարարական յանձնախումբին առնելիք քայլերուն` ինչ կը վերաբերի սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին առումով Սուրիոյ հետ գործակցութեան:
Այս մասին Պու Հապիպ յայտնեց, որ ինք Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մը ունեցած է սուրիացի իր պաշտօնակիցին` Ֆայսալ Մքտատի եւ ՄԱԿ-ի մէջ Սուրիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Պասսամ Սապպաղի հետ, որ Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար պիտի նշանակուի:
Պու Հապիպ նշեց, որ Մըքտատի հետ համաձայնած է այցելել Դամասկոս` Միացեալ Նահանգներէն Պէյրութ վերադառնալէ ետք:
«Այս առումով Սուրիոյ պաշտօնական կեցուածքը յստակ է եւ անիկա յայտարարուած է Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի կողմէ: Սուրիա պատրաստ է տեղահանուած իր զաւակները հիւրընկալելու եւ անոնց հարցերը լուծելու: Խնդիրը այն է, որ այդ տեղահանուածները ինչպէ՞ս պիտի վերադառնան, եթէ ՄԱԿ անոնց նիւթական, առողջապահական, սննդեղէնի եւ ուսման ծառայութիւններ կը մատուցէ` Լիբանանի, Յորդանանի, Թուրքիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ: Նաեւ կայ այլ հարց մը, որ անոնք ինչպէ՞ս պիտի վերադառնան իրենց քանդուած գիւղաքաղաքները, երբ տակաւին արաբական աշխարհին կամ միջազգային ընտանիքին կողմէ ոչ մէկ յանձնառութիւն յայտնուած է այդ գիւղաքաղաքները վերակառուցելու ուղղութեամբ», հաստատեց ան:
Վերջին երկու ամսուան ընթացքին 30 հազար սուրիացի տեղահանուածներու ալիքի մը Լիբանան հասնելուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Պու Հապիպ ընդգծեց, որ Սուրիոյ տնտեսական վիճակը շատ ծանր է` անոր վրայ պարտադրուած շրջափակումին պատճառով:
Նիւ Եորքի մէջ իր ունեցած հանդիպումներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով Պու Հապիպ հաստատեց, որ ՄԱԿ տակաւին կը նկատէ, թէ Սուրիոյ մէջ տիրող կացութիւնը անապահով է եւ այդ պատճառով կը շարունակէ սուրիացի տեղահանուածներուն նիւթական օժանդակութիւն տրամադրել:
Այս շրջագիծին մէջ, Պու Հապիպ հաստատեց, որ արեւմտեան երկիրները աւելի շատ հետաքրքրուած են Ուքրանիոյ կացութեամբ` աւելցնելով, որ Ռուսիա-Ուքրանիա տագնապը կրնայ սնանկացնել արեւմտեան երկիրները, որոնք թէեւ Եւրոպական Միութեան խորհրդաժողովին ընթացքին խոստացան 9 միլիառ տոլար տրամադրել` սուրիացի տեղահանուածները հիւրընկալող երկիրներուն, սակայն հաւանաբար անոնք այդ գումարէն միայն 2 միլիառ տոլար կարենան տրամադրել հիւրընկալ երկիրներուն:
«Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ տարբեր երկիրներու կեցուածքները կը մնան նոյնը, եւ մենք պիտի սերտենք այլընտրանքները», եզրափակեց ան:
Միւս կողմէ, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ նախարարութիւնը կառչած կը մնայ հաստատութենական իր գործունէութեան, առանց որեւէ խախտում արձանագրելու իր առաքելութեան մէջ:
Նախարարութեան հրապարակած այս հաղորդագրութիւնը կը վերաբերէր կատարուած այն մեկնաբանութիւններուն, թէ նախարարութիւնը իրաւասութիւն չունի օտար երկրի կառոյցի մէջ գործող դիւանագիտական իր պաշտօնեան հաշուի կանչելու:
Նախարարութեան հաղորդագրութիւնը կ՛ընդգծէ, թէ պետական շուրան դատական վճիռներ արձակելու ճամբով հաստատած է նախարարութեան իրաւասութիւնը:
«Նման հարցերու պարագային տեղեկատուութեան մարզին ուղղուիլը եւ առանց իրաւասութիւնները լրջօրէն ստուգելու իրականութիւնները այլակերպելը ճիշդ չէ եւ յաւելեալ շփոթի կ՛ենթարկէ հանրային կարծիքը: Իբրեւ նախարարութիւն կը հաստատենք, որ կառչած կը մնանք հաստատութենական մեր գործունէութեան, առանց որեւէ խախտում արձանագրելու մեր առաքելութեան ու ստանձնած պատասխանատուութիւններուն մէջ», կը նշէ հաղորդագրութիւնը: