Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յանձնախումբը հրաւիրեց նիստի մը, որ պիտի գումարուի երկուշաբթի, 9 հոկտեմբեր 2023-ին:
Քանաան ընդգծեց, որ նիստին ընթացքին պիտի սկսի 2024-ի պետական ամավարկի նախագիծին քննարկումը:
Կը նախատեսուի, որ նիստին ներկայ գտնուի նաեւ ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլ, ինչպէս նաեւ նախարարութեան անձնակազմէն պատուիրակութիւն մը:
Միւս կողմէ, Քանաան հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Կեդրոնական դրամատունը նախորդ կառավարութիւններն ու պետութիւնը կը ֆինանսաւորէր` լիբանանցի քաղաքացիներուն դրամատնային հաշիւներով` առանց իսկական ամավարկերու:


