Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մաուլաուի. «Սուրիացիները Լիբանանի Մէջ Մեծ Թիւով Ոճիրներ Կը Գործեն, Եւ Անոնց Ամէնուրեք Ներկայութիւնը Պիտի Չարտօնենք»

Հոկտեմբեր 5, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ մեծ թիւով ոճիրներ կը գործուին սուրիացիներուն կողմէ:

Մաուլաուի հաստատեց, որ գործուած տարօրինակ եւ այլանդակ ոճիրներուն 30 առ հարիւրը կը գործուին սուրիացիներու ձեռամբ` աւելցնելով, որ այս կացութիւնը փոխելու համար պէտք է համագործակցիլ իրարու հետ, որպէսզի կարելի ըլլայ պաշտպանել լիբանանցիներուն միջավայրը եւ երկրին ինքնութիւնն ու պատկերը:

«Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներուն նկատմամբ մեր ցուցաբերած թոյլ կեցուածքը չենք կրնար շարունակել: Բոլոր քաղաքապետարաններուն հաստատած ենք, թէ հաշուետուութեան պիտի հրաւիրուին իրենց ժողովուրդին կամ գիւղաքաղաքին հանդէպ իրենց արձանագրած բացթողումին համար: Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներուն ամէնուրեք ներկայութիւնը պիտի չարտօնենք, ինչպէս նաեւ պիտի հսկենք, որ մէկ բնակարանի մէջ մէկ ընտանիք ապրի», ըսաւ ան:

Մաուլաուի ընդգծեց, որ իրենց պահանջը Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներուն ներկայութիւնը կազմակերպել չէ, այլ` անոնց ներկայութեան չափ ու սահման ճշդել:

«Քաղաքապետարաններէն կը պահանջենք երկշաբաթեայ դրութեամբ տեղեկագիրներ ներկայացնել` սուրիացի տեղահանուածներուն ներկայութեան, ինչպէս նաեւ անոնց գործած ապօրինութիւններուն վերջ տալու քաղաքապետութեանց գործունէութեան մասին», յայտնեց Մաուլաուի:

Ան շեշտեց նաեւ, որ թաղապետներուն կողմէ արգիլուած է սուրիացի տեղահանուածներուն կեղծ փաստաթուղթեր հայթայթել` ընդգծելով, որ նման պարագաներու անոնք հետաքննութեան պիտի հրաւիրեն թաղապետները:

«Մեր երկիրը ծախու չէ՛ եւ անիկա պիտի մնայ Լիբանանը», եզրափակեց ան:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Դիւանագէտ Շանթ Վարդանեան Ստանձնեց Իր Պաշտօնը

RelatedPosts

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»

Հոկտեմբեր 28, 2025
Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց
Գլխաւոր լուրեր

Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?