Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Ալաուին, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ` Լիբանանի մէջ կատարած իր դիւանագիտական աշխատանքի աւարտին առիթով:
Հանդիպումին աւարտին Պըրրի Ալաուիին իբրեւ յուշանուէր յանձնեց խորհրդարանի նշանաբանը` բարձր գնահատելով անոր ջանքերը:
Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Արժանթինի դեսպան Մորիսիօ Ալիսը, որուն այցելութիւնը դարձեալ ունէր հրաժեշտի բնոյթ:
Պըրրի ընդունեց նաեւ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրավիճակն ու իրադարձութիւնները, յատկապէս քաղաքական եւ օրէնսդրական հարցերուն վերաբերող մանրամասնութիւններ:


