Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա Մոհամետ մարգարէի ծննդեան օրուան առիթով արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ շնորհաւորութիւններ փոխանցեց բոլորին:
Ան բարձր գնահատեց Եմէնի մէջ Մոհամետ մարգարէի ծննդեան օրուան առիթով տեղի ունեցած տօնակատարութիւնները, միւս կողմէ դատապարտելով Փաքիստանի մզկիթները թիրախաւորած պայթումները, որոնք հաւատադրժողական ահաբեկչութեան արարքներն են:
Սէյիտ Նասրալլա անդրադարձաւ մարդ արարածը նսեմացնելու բոլոր փորձերուն, որոնցմէ են միասեռականութիւնն ու մարդու անասնականութիւնը: Ան նկատել տուաւ, որ այն երկիրները, որոնք զինուորական պատերազմներով չկրցան իրականացնել իրենց նպատակը, կը փորձեն տեղեկատուական եւ նուրբ պատերազմներով թուլցնել իրենց հակառակորդները:
Սէյիտ Նասրալլա դատապարտեց թշնամի Իսրայէլի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնել փորձող երկիրներուն քայլերը` հաստատելով, որ նման քայլեր կը միտին իսլամական եւ քրիստոնէական սրբութիւնները քանդել, պաղեստինցիները առանձին ձգել, ինչպէս նաեւ թշնամին հզօրացնել:
Լիբանանի եւ Իսրայէլի հետ ցամաքային սահմանագծումի հարցին ակնարկելով` սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ այդ եզրին օգտագործումը սխալ է, որովհետեւ սահմանագծումը կատարուած է: Ան աւելցուց, որ Լիբանան իր ջուրերուն մէջ գտնուող բնական հարստութեան տէր պիտի կանգնի` առանց զայն սակարկելու: «Մեզի հասած նախնական տուեալներուն համաձայն, թիւ 9 նաւթահորին մէջ գոյութիւն ունեցող նաւթին մասին բոլոր ցուցանիշները դրական են», հաստատեց ան:
Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հրաւիրած երկխօսութեան մասնակցելու անհրաժեշտութիւնը` շեշտելով, որ այդ առիթը կորսուած է քաղաքական ոխակալութեան պատճառով: «Նախագահական ընտրութեան առումով, պէտք է իմանալ, որ ֆրանսական նախաձեռնութիւնը ո՞ւր հասած է: Իսկ քաթարցի պատուիրակը ամէնօրեայ ջանքերու մէջ է, սակայն մօտիկ ապագային իրագործուելու իմաստով յստակ ոչինչ կայ: Հետեւաբար կարելի է ըսել, թէ նախագահական ընտրութեան առումով նորութիւն չկայ», ըսաւ ան:
Սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին առումով, սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ ոմանք անիկա Լիբանանի գոյութեան եւ ապահովութեան դէմ սպառնալիք կը նկատեն, սակայն անոնք ի՞նչ քայլերու կը ձեռնարկեն այդ մասին: Ան կոչ ուղղեց ազգային միացեալ ռազմավարութիւն մը որդեգրելու եւ այդ մասին ամբողջ աշխարհը իրազեկելու, ինչպէս նաեւ ընթացիկ հարցերու կառավարութեան, բանակին, ապահովութեան ուժերուն եւ քաղաքապետութիւններուն վրայ ճնշում բանեցնելու, որպէսզի անոնք լուծումներու յանգին:
«Լիբանանի մէջ ոչ ոք գիտէ սուրիացի տեղահանուածներուն իսկական թիւը, հետեւաբար պէտք է յստակ վիճակագրութիւն ըլլայ այս մասին եւ պէտք է ճշդել տեղահանուածներուն ու սուրիացի աշխատաւորներուն միջեւ տարբերութիւնը: Պէտք է նաեւ լուծել սուրիացի տեղահանուած ունենալու իսկական պատճառը, որ Սուրիոյ պատերազմն է, եւ զայն բռնկեցուցած է ամերիկեան վարչակարգը», շեշտեց ան:
Սէյիտ Նասրալլա անդրադարձաւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Սուրիոյ դէմ բանեցուած «Սիզըր» պատժամիջոցներու օրէնքին, որուն պատճառով Սուրիա շրջափակումի ենթարկուած է եւ պատճառ դարձած, որ ընկերութիւններ Սուրիոյ մէջ ներդրումներ չկատարեն, եւ երկիրը տնտեսական ու կենցաղային ահաւոր պայմաններու դէմ յանդիման գտնուի, ինչպէս նաեւ ունենայ տնտեսական կացութեան պատճառով երկիրը լքող քաղաքայիններ», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը լուծելու համար պէտք է հիմնել քաղաքական խորհուրդ մը, որ բաղկացած է լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերէն:
Ան կարեւոր նկատեց, որ տիրող մթնոլորտը տեղահանուածներուն դէմ ատելութեան եւ թշնամանքի մթնոլորտի չվերածուի: