Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 18, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը նուազած է 35.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 35.000 լ. ոսկիով, մազութը` 13.000 լ. ոսկիով եւ պիւթակազը` 4000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.623.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.661.000 լ. ոսկի, մազութը` 1.706.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 970.000 լ. ոսկի:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Պէյրութէն ուղղուեցաւ Գահիրէ, ուր պիտի մասնակցի Իսլամ հոգեւոր պետերու միջազգային խորհրդաժողովին, որ կազմակերպուած է Եգիպտոսի հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Շաուքի Օլամի կողմէ եւ կը վայելէ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի հովանաւորութիւնը:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Հանրի Խուրի երէկ իր մասնակցութիւնը բերաւ արաբ արդարութեան նախարարներու 39-րդ խորհրդաժողովին, որ տեղի ունեցաւ Պաղտատի մէջ: Իր խօսքին մէջ Խուրի ընդգծեց, որ շրջանային առումով խաղաղութիւն եւ կայունութիւն կարելի չէ հաստատել, այնքան ատեն որ պաղեստինցի ժողովուրդը անիրաւութեան եւ անարդարութեան կ՛ենթարկուի:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Մարուան Համատէ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ գետնի վրայ արձանագրուած ապահովական մագլցումներն ու զարգացումները արդէն իսկ սկսած են ուղղակիօրէն սպառնալ Լիբանանին:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Չինաստանի դեսպան Քիան Մինճիանի հետ: Քննարկուեցան Կազայի եւ հարաւային Լիբանանի իրադարձութիւնները: Մինճիան շեշտեց, որ Չինաստան կը յարգէ Լիբանանի գերիշխանութիւնն ու ապահովական կայունութիւնը` մաղթելով, որ Պաղեստինեան դատին խաղաղ լուծում մը գտնուի, «այլապէս Միջին Արեւելքը միշտ պայթիւնավտանգ վիճակի մէջ պիտի յայտնուի», յայտնեց դեսպանը:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Աւստրալիոյ դեսպան Էնտրիւ Պառնզը, որուն հետ քննարկեց Կազայի մէջ տիրող մարդասիրական ահաւոր իրավիճակը` իսրայէլեան զինուորական գործողութիւններուն պատճառով: Քննարկուեցան նաեւ հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին վրայ արձանագրուած զարգացումները:

 

 

Նախորդը

Պայտըն Այսօր Իսրայէլ Եւ Յորդանան Կ՛այցելէ

Յաջորդը

Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Այցելեց Լիբանան

RelatedPosts

Պարրօ. «Ստեղծել Միջազգային Նոր Կառոյց Մը`  Լիբանանի Գերիշխանութեան Սատարելու  Եւ Բանակի Տեղակայման Նպաստելու Համար»
Լիբանանեան

Պարրօ. «Ստեղծել Միջազգային Նոր Կառոյց Մը` Լիբանանի Գերիշխանութեան Սատարելու Եւ Բանակի Տեղակայման Նպաստելու Համար»

October 19, 2026
Պաղտատի Մէջ Ռաժժի-Արաղչի «Երկարատեւ»  Հանդիպում Եւ «Անկեղծ» Քննարկում
Լիբանանեան

Պաղտատի Մէջ Ռաժժի-Արաղչի «Երկարատեւ» Հանդիպում Եւ «Անկեղծ» Քննարկում

October 19, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.