Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 21, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը նուազած է 26.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 24.000 լ. ոսկիով, մազութը` 1000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազին սակը մնաց նոյնը: Հետեւաբար, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.597.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.637.000 լ. ոսկի, մազութը` 1.707.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 970.000 լ. ոսկի:

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ պահանջեց դատապարտել Իսրայէլի գործած բարբարոսական ոճիրները` հաստատելով, որ նման պատմական պահեր կարիքը ունին ազգային պատասխանատու կեցուածքներու:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց երեսփոխան Միշել Մըրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ քաղաքական բեմը յուզող հարցերն ու օրէնսդրական կարգ մը հարցեր:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման յայտնեց, որ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երկիւղ կը պատճառէ լիբանանցիներուն, մինչդեռ անկէ կ՛ակնկալուի զօրակցիլ Լիբանանին, այնպէս ինչպէս Միացեալ Նահանգներ կը կատարեն` Իսրայէլի հանդէպ, եւ Իրան` Համասի նկատմամբ:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Ալի Ֆայեատ իր մասնակցութիւնը բերաւ Կազայի զօրակցական հաւաքի մը, որ տեղի ունեցաւ Մլիթայի զբօսաշրջական համալիրին մէջ: Ֆայեատ հաստատեց, որ Կազայի մեր ընտանիքներուն դէմ իսրայէլեան ուժերուն գործած անարգ ոճիրներուն ու սպանդներուն լոյսին տակ իրենք Դիմադրութենէն բացի այլընտրանք չունին:

ՆԱՀԸԺ շարժումի նախագահ, նախկին երեսփոխան Հասան Եաագուպ ըսաւ. «Լիբանանի մէջ պատերազմ չկայ, Կազայի մէջ ալ ցամաքային ներխուժում չկայ, սակայն պատերազմն ու զինեալ բախումները երկարատեւ պիտի ըլլան»:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կեդրոնական խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ Դիմադրութեան կատարածը Լիբանանի պաշտպանութիւնն է:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն ընդունեց ամերիկեան Քոնկրեսի մէկ պատուիրակութիւնը` ներկայութեամբ ամերիկեան պաշտպանութեան նախարարութեան կցորդ գնդապետ Էյմի Մաուրիի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան բանակին կացութիւնն ու անոր դիմագրաւած մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին վրայ արձանագրուող զարգացումները:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ բանակին պատկանող շրջուն պատկառելի ջոկատ մը` ընկերակցութեամբ գաղտնի սպասարկութեան մէկ պատուիրակութեան, ուղղուած է Պրիթել եւ Ուատի Ապու Ահմետ թաղամասին մէջ խուզարկած պահանջուած կարգ մը յանցագործներու բնակարանները:

 

Նախորդը

«Կազայի Դէմ Ցամաքային Գործողութեան Սկսելու Որոշումը Տրուած Է» Կ՛ըսէ Ռուսիոյ Մէջ Իսրայէլի Դեսպանը

Յաջորդը

Հարաւային Լիբանան-Իսրայէլ Ռմբակոծումները Աշխուժ Թափով Ընթացան

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.