Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Կը Յանձնարարէ Իսրայէլեան Գոյացութեան Դէմ Դատական Հարց Յարուցել

October 19, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ֆատի Ալամէ` ներկայութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ յանձնախումբին անդամներուն, երէկ խորհրդարանին մէջ կարդաց յանձնախումբին հրապարակած հաղորդագրութիւնը, որ կը դատապարտէր Կազայի «Մաամատանի» հիւանդանոցին ռմբակոծումը: Հաղորդագրութիւնը կը նշէ.

«Պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ գործուած իսրայէլեան վայրագ բռնարարքները, ռմբակոծումը, քանդումը, սպանութիւնները, շրջափակումը, սովի ենթարկելը եւ մարդն ու քարը կուրօրէն թիրախաւորելու արարքները կը նկատուին կանխամտածուած հաւաքական ցեղասպանութիւն:

Ցաւի, ցասումի եւ դատապարտումի արտայայտութիւնները բաւարար չեն այլեւս, որովհետեւ այսօր պահանջուածը անիրաւին դէմ իրաւունքով առճակատիլն է ու հարցը Քրէական ոճիրներու միջազգային ատեան բարձրացնելը, որպէսզի կարելի ըլլայ հետաքննութիւն բանալ եւ պատասխանատուութիւնները ճշդել, ինչպէս նաեւ դատավարութեան ենթարկել ոճրագործները, ինչքան ալ բարձր ըլլան անոնց պաշտօնները:

Հարիւրաւոր վիրաւորներով եւ գաղթականներով լեցուն «Մաամատանի» հիւանդանոցին քանդումը զինեալ բախումներու եւ պատերազմի կանոններու բացայայտ խախտում կը նկատուի, իսկ այդ արարքին գործադրութիւնը` հիւանդանոցները պարպելու իսրայէլեան տեղեկատուական քարոզչութենէ ետք, կը փաստէ սիոնական գոյացութեան յանցանքը եւ կը դատապարտէ զայն` իբրեւ Ժընեւի 1949-ի համաձայնագիրն ու անոր կապուած արարողակարգերը խախտող կողմ: Հետեւաբար անհրաժեշտ կը նկատուի իսրայէլացի պատասխանատուներուն հետապնդումը` իբրեւ պատերազմական ոճրագործներ:

Արտաքին եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբը կը յանձնարարէ կազմել յատուկ յանձնախումբ մը, որուն աշխատանքը ըլլայ պատրաստել իրաւական թղթածրար` իսրայէլեան գոյացութեան դէմ դատական հարց յարուցելու, որպէսզի կարելի ըլլայ զայն դատավարութեան ենթարկել ու պատժել»:

 

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

«Մաամատանի» Հիւանդանոցի Սպանդի Յիշատակին Միօրեայ Պաշտօնական Սուգի Ու Ցասումի Օր` Լիբանանի Մէջ

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.