Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 20, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.750 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի:

ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի ընդունեց Լիբանանի մէջ Քանատայի դեսպան Սթեֆանի Մաքքոլմը, որուն հետ քննարկեց ներկայ իրադարձութիւններն ու հարաւային Լիբանանի ու Կազայի մէջ տիրող կացութիւնը:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Միշել Աուն ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ քննարկեց Կազայի զինեալ բախումները եւ շրջանին մէջ ընդարձակուելու անոնց վտանգները: Հանդիպումին ընթացքին հաստատուեցաւ, որ անհրաժեշտ է ամէն ջանք ի գործ դնել` արգիլելու համար այդ պատերազմին Լիբանան փոխադրութիւնը:

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ ընդունեց խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապը, ինչպէս նաեւ երեսփոխաններ Ատիպ Ապտել Մեսիհը, Սաժիհ Աթիէն եւ Ժամիլ Ապպուտը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ՄԱՐԴՈՒ իրաւունքներու խորհրդարանական յանձնախումբը երէկ գումարեց նիստ մը` նախագահութեամբ երեսփոխան Միշել Մուսայի: Յանձնախումբը խստիւ դատապարտեց հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին վրայ քաղաքայիններուն եւ լրագրողներուն դէմ իսրայէլեան ուժերուն գործած յարձակումները, իսկ Կազայի մէջ օրական դրութեամբ գործուող սպանդները, յատկապէս` «Մաամատանի» հիւանդանոցը ռմբակոծումի թիրախ դարձնելը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ արաբական լռութիւնը պատճառ դարձած է, որ թշնամի Իսրայէլը յաւելեալ ախորժակով ու թափով առաջնորդուի` ոճրային իր ընթացքին մէջ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ որեւէ ցոյցի պարագային պէտք է յանձնառու մնալ ցոյցին ընթացքին արտայայտուելիք կարծիքը, գաղափարը կամ կեցուածքը խաղաղ կերպով փոխանցելու: «Բանակի հրամանատարութիւնը կոչ կ՛ուղղէ քաղաքացիներուն ըլլալու պատասխանատու եւ յանձնառու մնալու խաղաղ ցոյցին, ինչպէս նաեւ չյարձակելու բանակայիններուն վրայ եւ վնաս չհասցնելու պետական ու սեփական կալուածներուն», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ռազի Հաժ յայտնեց, որ Աուքարի մէջ լիբանանցիներու պատկանող վնասուած կալուածները ստուգելէ ետք, կապուած է Աղէտներուն շտապ հակազդելու գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Խէյրի, որ իր կարգին պիտի ստուգէ վնասները` օժանդակելու համար անոնց հատուցման:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ հարց տուաւ, թէ ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել, որ մարդիկ հիւանդանոցի հրկիզման դէմ բողոքի ցոյց կատարեն եւ նոյն ցոյցին ընթացքին ժողովուրդին պատկանող կալուածներ քանդեն:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնի գործակատար հազարապետ-զօրավար Էլիաս Պայսարի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Նորվեկիոյ դեսպան Մարթին Իթերվիքը, որուն հետ քննարկեց դեսպանատան ու Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:

 

 

Նախորդը

Կանց. «Իսրայէլ-Համաս Պատերազմը Հաւանաբար Ամիսներ Տեւէ Եւ Կրնայ Նաեւ Ներառել Հիւսիսային Ճակատը»

Յաջորդը

Ուժանիւթի Նախարարութիւն. «Թիւ 9 Նաւթահորի Պեղման Արդիւնքները Քաջալերական Են»

RelatedPosts

Լիբանանեան Նախարարական  Պատուիրակութիւն Մը  Դամասկոս Այցելեց
Լիբանանեան

Լիբանանեան Նախարարական Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոս Այցելեց

November 3, 2026
Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ  Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական  Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան  Մատակարարումը Ընդհատել
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան Մատակարարումը Ընդհատել

November 3, 2026
Ժողովրդավարական Հանդիպում  Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Ժողովրդավարական Հանդիպում Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.