Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Այցելեց Լիբանան

October 18, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ քանի մը ժամուան համար այցելեց Լիբանան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի հետ:

Հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին Պու Հապիպ հաստատեց, որ առանց արդար ու ամբողջական քաղաքական լուծումի եւ Խաղաղութեան արաբական նախաձեռնութեան առաջարկած երկու պետութիւններու հիմնումին, կարելի չէ ապահովական կայունութիւն կամ խաղաղութիւն երաշխաւորել:

Պու Հապիպ վերստին կոչ ուղղեց Իսրայէլի դէմ միջազգային ճնշումը բանեցնելու, որպէսզի ան կասեցնէ պատերազմը եւ վերադառնայ բանակցութիւններուն:

Ան շեշտեց նաեւ հարաւային Լիբանանի վրայ յարձակումները կասեցնելու անհրաժեշտութիւնը, լրագրողներն ու քաղաքայինները սպաննելու վերջ տալու, ինչպէս նաեւ Կազայի մէջ ապահովական մագլցումներուն վերջ մը դնելու  կարեւորութիւնը:

Ֆիտան հաստատեց, որ իր երկիրը երկու ուղղութեամբ կը շարունակէ ջանքերը` նկատի ունենալով, որ անոնք կը կեդրոնանան բախումները ընդարձակելու հաւանականութեան շրջագիծը սեղմելու, ինչպէս նաեւ Կազա օժանդակութիւններ հասցնելու վրայ:

«Մենք կ՛աշխատինք արգիլել` պատերազմին ընդարձակումը դէպի Լիբանան եւ այլ երկիրներ», ըսաւ ան:

Ֆիտան նշեց, որ Կազայի մէջ իրադարձութիւններուն առումով Թուրքիա կատարելապէս կը զօրակցի Եգիպտոսի կեցուածքին` աւելցնելով, որ ժամանակը հասած է, եւ միջազգային հասարակութիւնը պէտք է քայլերու դիմէ 1967-ի սահմաններուն հիման վրայ եւ մայրաքաղաք Երուսաղէմով Պաղեստինեան պետութիւն մը հիմնելու:

Նշենք, որ Ֆիտան բացումը կատարեց նաեւ Կեդրոնական Պէյրութի մէջ Թուրքիոյ պետութեան կողմէ վերանորոգուած շէնքին, որ պիտի օգտագործուի իբրեւ արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնատեղի:

Կէսօրէ ետք Ֆիտան այցելեց վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Կազայի եւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները:

Միքաթի հաստատեց, որ ներկայ առաջնահերթութիւնը պէտք է ըլլայ կասեցնել իսրայէլեան պատերազմը` Կազայի մէջ եւ իսրայէլեան յարձակումները` հարաւային Լիբանանի վրայ:

Միքաթի վերահաստատեց Թուրքիոյ նկատմամբ երախտագիտութիւնը` նկատի ունենալով, որ ան միշտ կը զօրակցի Լիբանանին:

Միքաթի հաստատեց, որ արտաքին գործոց նախարարութեան յատկացուած կեդրոնատեղին վերանորոգելու իմաստով Թուրքիոյ օժանդակութեան համար Լիբանանը շնորհակալ է:

Ֆիտան անհրաժեշտ նկատեց Իսրայէլի հետ հաղորդակցութիւնը` զայն մղելու, որ կասեցնէ ռմբակոծումը եւ արտօնէ դէպի Կազա օժանդակութիւններու մուտքը:

Ան հաստատեց, որ պէտք է աշխատանքը շարունակել պաղեստինեւիսրայէլեան այս տագնապին վերջնական լուծում մը գտնելու` երկու պետութիւններու հիմնադրութեան լուծման տարբերակը որդեգրելով:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Մանսուրիէի Մէջ. Փրկարար Աշխատանքները Կը Շարունակուին Փուլ Եկած Շէնքին Շրջակայքը

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.