Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին նախագահեց խորհրդարանի դիւանին ու յանձնախումբերուն ընտրութեան նիստին:
Նիստէն բացակայեցան երեսփոխաններ Ֆուատ Մախզումի, Մոհամետ Սլէյման, Սելիմ Աուն, Ղասսան Սքաֆ, Նեպիլ Պատըր, Ահմետ Խէյր, Թէյմուր Ժոմպլաթ, Ուաէլ Ապու Ֆաուր եւ Հասան Իզզէտտին:
Սահմանադրութեան թիւ 44 յօդուածին եւ խորհրդարանի ներքին կանոնագիրին թիւ 3 յօդուածին հիման վրայ ընտրուեցան խորհրդարանի ընդհանուր քարտուղարներն ու երեք խորհրդականներ, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի ներքին կանոնագիրին թիւ 19 յօդուածին հիման վրայ ընտրուեցան խորհրդարանական յանձնախումբերը:
Երեսփոխաններ Ալեն Աուն եւ Հատի Ապուլ Հասան ընտրուեցան խորհրդարանի ընդհանուր քարտուղարներ, իսկ երեսփոխաններ Յակոբ Բագրատունի, Միշել Մուսա եւ Ապտել Քերիմ Քապպարա` խորհրդականներ: Դիւանի բոլոր անդամները վերընտրուեցան` առանց մրցակիցի գոյութեան:
Յանձնախումբերու պարագային գրեթէ մեծամասնութիւնը վերընտրուեցաւ, սակայն որոշ յանձնախումբերու պարագային անդամներու փոփոխութիւն արձանագրուեցաւ:
Նշենք, որ նախքան յանձնախումբերու ընտրութիւնը, փոփոխութեան երեսփոխան Մարք Տաու առաջարկեց խորհրդարանին կողմէ յանձնարարական մը հրապարակել լիբանանեան-պաղեստինեան սահմանային զարգացումներուն մասին:
Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ եւ երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ իրենց կարգին անհրաժեշտ նկատեցին, որ խորհրդարանը սահմանային իրավիճակին մասին յանձնարարական մը կատարէ:
Այս պահանջին Պըրրի պատասխանեց շեշտելով, որ եթէ անոնք կը փափաքին այս հարցով յատուկ նիստ մը գումարել, ապա ինք պատրաստ է` աւելցնելով սակայն, որ ընթացող նիստը ընտրական բնոյթ ունի:
Վերընտրուած խորհրդարանական յանձնախումբերու նախագահներուն եւ զեկուցաբերներուն հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին Պըրրի շեշտեց. «Շրջանին մէջ տիրող պայմաններուն եւ Իսրայէլի կողմէ Պաղեստինի, Կազայի եւ Լիբանանի դէմ գործուող բռնարարքներուն եւ վայրագութիւններուն լոյսին տակ, Լիբանան կը գտնուի հանրապետութեան նախագահ մը ընտրելու առիթին դիմաց, արդեօք կրնա՞նք այդ առիթը օգտագործել»:
Միւս կողմէ, ընդդիմադիր երեսփոխանները, որոնց մաս կը կազմեն «Վերանորոգում» պլոքը, Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխանական պլոքը, Հզօր հանրապետութիւն համախմբումը, «Յառաջդիմութիւն» պլոքը, «Կարմիր գիծ» պլոքը, «Հիւսիսի հանդիպում 3» պլոքն ու երեսփոխան Պիլալ Հշէյմին, խորհրդարանի մուտքին ներկայ գտնուեցան իրենց անունով կարդացուած հաղորդագրութեան:
«Լիբանանն ու լիբանանցիները շրջանը հարուածող ամէնէն վտանգաւոր տագնապէն պաշտպանելու մեր յանձնառութենէն, նախագահական դատարկութեան փուլէն, խաղաղութեան կամ պատերազմի որոշումը չունենալու կառավարութեան անկեղծ յայտարարութենէն մղուելով, ինչպէս նաեւ նկատի ունենալով, որ շրջանային մակարդակի ղեկավարներ կը փորձեն Լիբանանը ներքաշել այս պատերազմին մէջ` գիտնալով հանդերձ, որ Լիբանան չի կրնար այդ պատերազմին հետեւանքները հանդուրժել, կը հաստատենք.
Ա.- Մեր անշեղ կեցուածքը` պաղեստինցիներուն նկատմամբ: Պաղեստինցի ժողովուրդը դարձեալ կ՛ենթարկուի սպանդի, տեղահանութեան, արիւնահեղութեան, քանդումի եւ բռնարարքներու: Կը պահանջենք միջազգային հասարակութենէն ամէնէն ծանր ճնշումները բանեցնել` կասեցնելու համար ոճրային յարձակումները, ինչպէս նաեւ գործադրել միջազգային բոլոր որոշումները` Պաղեստինեան դատին արդար լուծում գտնելու: Կը պահանջենք պաղեստինեան պետութեան հիմնումը` ըստ 2002-ին Պէյրութի մէջ որդեգրուած Խաղաղութեան արաբական նախաձեռնութեան:
Բ.- Լիբանան իր բանակին եւ զինուած ուժերուն ընդմէջէն սահմանադրական իրաւունք ունի պաշտպանելու հայրենիքը եւ լիբանանցիները ամէն տեսակի յարձակումներէ: Սակայն կը մերժենք երկիրը ներքաշել պատերազմի մը մէջ, որուն գինը շատ սուղ կրնայ ըլլալ: Կը մերժենք Լիբանանը վերածել այլ երկիրներու շահերուն համար այրող վառելանիւթի:
Գ.- Կը շեշտենք, որ պետական հաստատութիւններու աշխատանքի բնականոնացումը խիստ եւ հրատապ կարիք է, ու այս իմաստով պէտք է սահմանադրութեան հիման վրայ նախագահական ընտրութիւն կատարել, որպէսզի անոր յաջորդէ պետութեան վերահաստատումն ու ամրապնդումը:
Ի վերջոյ մենք` իբրեւ ժողովուրդին ներկայացուցիչները եւ իբրեւ խորհրդարանի անդամներ, եկած ենք հաստատելու, որ կը մերժենք պատերազմը, կը մերժենք Լիբանանը դէպի քանդում առաջնորդել: Կը մերժենք այն իրականութիւնը, որ երկրին խաղաղութեան կամ պատերազմի որոշումը ոեւէ մէկուն սեփականութիւնը ըլլայ, եւ կը մերժենք երկիրը ներքաշել անորոշ արկածախնդրութիւններու մէջ», կը նշէ հաղորդագրութիւնը: