Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար Քոնսթանթինոս Քոմպոս եւ անոր ընկերակցող պաշտօնական պատուիրակութիւնը երէկ այցելեց Լիբանան, ուր ունեցաւ շարք մը հանդիպումներ` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպան Մարիա Հաճի Թէոտոսիուի:
Այն Թինէի մէջ Քոմպոս ընդունուեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս Լիբանանի եւ Կազայի դէմ Իսրայէլի սանձազերծած բռնարարքները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-կիպրական երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Քոմպոս այցելեց նաեւ վարչապետարան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Քոմպոս շեշտեց Լիբանանի եւ Կիպրոսի միջեւ երկկողմանի հեզասահ գործակցութեան կարեւորութիւնը` մաղթելով, որ լիբանանեան ծովափէն Կիպրոսի միջոցով սուրիացի տեղահանուածներուն ապօրինի գաղթականութեան վերջ դրուի:
Քոմպոս անդրադարձաւ այն ճիգերուն, որ Կիպրոս ի գործ կը դնէ` Կազային օժանդակութիւններ ապահովելու եւ մարդասիրական անցք մը ապահովելու նպատակով:
Ան մաղթեց, որ Միջին Արեւելքը մօտիկ ապագային ըլլայ ապահով եւ կայուն շրջան մը:
Իր կարգին, Միքաթի յայտնեց, որ Լիբանանի եւ Կիպրոսի միջեւ գործակցութիւնը կարելի է ամրապնդել առեւտրական, տնտեսական, ուժանիւթի եւ զբօսաշրջական մարզերուն մէջ:
Ան նկատել տուաւ, որ Լիբանան կը ջանայ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ամրապնդել, մասնաւորաբար բարգաւաճման առումով:
«Լիբանանի համար կարեւոր է նաեւ, որ Կիպրոս Եւրոպական Միութեան ընդմէջէն զօրակցի Լիբանանի կեցուածքներուն, յատկապէս` սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին իմաստով», յայտնեց Միքաթի:
Արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ Քոմպոս հանդիպում մը ունեցաւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին Պու Հապիպ ողջունեց Կիպրոսի որոշումը` դէպի Կազա մարդասիրական օժանդակութիւններ հասցնելու ուղղութեամբ: Ան մաղթեց, որ այդ անցքը ըլլայ միջոց մը` դէպի Կազա սննդեղէն հասցնելու:
Պու Հապիպ նշեց, որ Քոմպոսի հետ քննարկած են երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու հարցը, որուն շուրջ համաձայն են Կիպրոսի եւ Յունաստանի հետ:
Պու Հապիպ շեշտեց, որ Լիբանան կը պահանջէ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութիւնը` աւելցնելով, որ Իսրայէլի հետ ամբողջական խաղաղութիւնը պիտի յաջորդէ Իսրայէլի եւ պաղեստինցիներուն միջեւ խաղաղութեան հաստատումին:
Իր կարգին, Քոմպոս զօրակցութիւն յայտնեց Լիբանանին` ընդգծելով, որ ապահովութիւնն ու կայունութիւնը Կիպրոսի եւ Լիբանանի համար կարեւոր ազդակներ են:
Ան ողջունեց Լիբանանի հարաւային սահմանագիծին վրայ արձանագրուող բախումները դիւանագիտական ձեւերով լուծելու ջանքերը:
Քոմպոս յայտնեց, որ լիբանանցի իր պաշտօնակիցին հետ քննարկած է նաեւ Սուրիոյ կացութիւնը եւ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը լուծելու անհրաժեշտութիւնը:
Ան շեշտեց, որ այս իմաստով Եւրոպական Միութիւնը պէտք է լուծման մաս կազմէ եւ ոչ թէ հարց պատճառէ:
Քոմպոս ընդգծեց, որ իրենք կ՛աշխատին դէպի Կազա ուղարկուող մարդասիրական օժանդակութիւնները ապահով կերպով հասցնել:
Քոմպոս այցելեց նաեւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ միջինարեւելեան զարգացումները: