Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա ռամատանեան երեկոներու Քորանի ընթերցումներու մեկնարկին առիթով արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն ընթացքին բոլորին ներկայացուց իր շնորհաւորութիւնները:
Ան նշեց, որ օրհնեալ այս տօնը կը զուգադիպի Կազայի եւ անոր բնակչութեան դէմ բռնարարքներուն ինչպէս նաեւ Լիբանանի, Եմէնի եւ Իրաքի մէջ պատերազմի ճակատներուն բռնկումին` աւելցնելով, որ հարաւային Լիբանանի ճակատը պիտի շարունակէ օժանդակել Կազայի Դիմադրութեան եւ ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ Համասի ղեկավարութեան, մասնաւորաբար նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ աշխարհը լուռ կը հետեւի Կազայի ժողովուրդին դէմ գործուող սպանդներուն եւ ցեղասպանութեան:
«Նեթանիահուին կ՛ըսենք, որ նոյնիսկ եթէ ան Ռաֆահի դէմ յարձակում գործէ, ան պատերազմը պարտուած է եւ չի կրնար Համասը կամ Դիմադրութիւնը ոտնակոխ դարձնել: Դիմադրութեան արձանագրած յաղթանակին եւ թշնամիին պարտութեան ցուցանիշներէն մէկը այն է, որ թշնամի Իսրայէլ հաստատած է, որ իրեն համար Համասը ոչնչացնելը մեծագոյն նպատակ է, սակայն իրականութիւնը այն է, որ պատերազմի վեցերորդ ամսուան ընթացքին թշնամին Համասի հետ անուղղակի բանակցութիւններ կը կատարէ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Համաս այսօր Դիմադրութեան անունով կը բանակցի եւ իր պայմանները կը պարտադրէ:
«Լիբանանեան ճակատը իր պարտականութիւնը եւ դերակատարութիւնը ամբողջական կերպով կը կատարէ եւ թշնամիին դէմ պէտք եղած ճնշումը կը բանեցնէ այս պատերազմին մէջ, փաստը իսրայէլեան բնակեցման վայրերու բնակիչներուն պոռթկումն է Դիմադրութեան գործողութիւններուն պատճառով», յայտնեց ան:
Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ իսրայէլեան բանակը յոգնած է ու սպառած` բոլոր ճակատներուն վրայ, իսկ անոր մահերուն թիւը շատ աւելի է, քան յայտարարուածը:
Ան հաստատեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն գրիչի մէկ հարուածով կրնայ կասեցնել Կազայի դէմ պատերազմն ու իսրայէլեան բռնարարքները:
«Իսկ ո՛վ որ կը փափաքի լիբանանեան ճակատին վրայ Դիմադրութեան քայլերուն արժեւորումը կատարել, պէտք է յստակ նկատէ, թէ ինչպէ՛ս Դիմադրութիւնը կ՛արգիլէ թշնամի Իսրայէլը` Լիբանանի վրայ յարձակելէ: Նման ճակատամարտերու ընթացքին Դիմադրութեան ճակատներուն բնական եւ տրամաբանական ընտրանքը համբերութիւնն է, իսկ յաղթանակը տոկացողինն է: Մեր բոլորին պարտականութիւնն ու պատասխանատուութիւնն է տոկալ եւ պայքարը շարունակել: Դիմադրութեան առանցքը հզօր դիրքի վրայ է, իսկ թշնամին` տկար ընթացքի մէջ», եզրափակեց սէյիտ Նասրալլա: