Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց աշխատանքի նախարարի պաշտօնակատար Մուսթաֆա Պայրամը, Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմարը, ինչպէս նաեւ Տնտեսական խորհուրդներու նախագահ Մոհամետ Շքէյրը, որոնց հետ քննարկեց սեփական մարզի պաշտօնեաներու աշխատավարձի յաւելումներու թղթածրարը:
Հանդիպումէն ետք Պայրամ յայտնեց, որ կայ սեփական մարզի պաշտօնեաներուն աշխատավարձի յաւելումներու լաւ փաթեթ մը, որ պիտի յայտարարուի երեքշաբթի, 19 մարտ 2024-ին, ապրուստի սղաճի համեմատութիւնը ճշդող յանձնախումբին կողմէ:
Միւս կողմէ, նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մահմուտ Մաքքիէ յայտնեց, որ Միքաթի կը պատրաստուի կառավարութիւնը հրաւիրել նիստի մը, որուն ընթացքին 27 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը պիտի քննարկուի: