Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Ազգային չափաւորական պլոքի պատուիրակութիւնը, որուն անունով երեսփոխան Ահմետ Խէյր յայտնեց, թէ պլոքը շնորհաւորած է հանրապետութեան միւֆթին` ռամատանի առիթով:
«Քննարկեցինք նաեւ լիբանանցիներուն դիմագրաւած կացութիւնը` տնտեսական եւ ընկերային տագնապներն ու հարաւային Լիբանանի դէմ իսրայէլեան պատերազմի իրականութիւնը, ինչպէս նաեւ նախագահական դատարկութեան փուլը», նշեց ան:
Խէյր նկատել տուաւ, որ իբրեւ Ազգային չափաւորական պլոք միւֆթի Տըրիանին ներկայացուցած են նախագահական ընտրութիւնը դիւրացնելու համար իրենց առաջադրած նախաձեռնութիւնը` յուսալով, որ անոր որդեգրումը կ՛արագացնէ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը:
Խէյր նկատել տուաւ, որ երեսփոխանական գրեթէ բոլոր պլոքները համաձայն գտնուած են իրենց նախաձեռնութեան բովանդակութեան` աւելցնելով, որ միւֆթի Տըրիանէն իրենց ստացած զօրակցութիւնը կը փաստէ, թէ նախաձեռնութիւնը պիտի մնայ ուժի մէջ եւ իր ընթացքը պիտի շարունակէ` մինչեւ հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութիւն:


