Ֆրանչիսկոս պապը համաձայնութիւն յայտնեց սրբադասման պատասխանատու խորհուրդին կողմէ հրապարակուած այն հրամանագիրին, որ կը վերաբերի Ըսթֆեն Տուէյհի պատրիարքին երանացման:
Կը նախատեսուի, որ Ըսթֆեն Տուէյհի պատրիարքի երանացման մասին պաշտօնական յայտարարութիւնը շուտով հրապարակուի:
Նշենք, որ այս աւետիսին առիթով երէկ կէսօրուան ժամը 1:00-ին Զղարթայի բոլոր եկեղեցիներուն զանգերը կէս ժամուան համար հնչեցին, իսկ երեկոյեան ժամը 6:00-ին Զղարթայի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի անուան մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ: