Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ նախագահեց կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը զգուշացուց իշխանութեան մնացորդացը Հըզպալլային զիջելու իրականութենէն` հաստատելով, որ կարգ մը կողմեր Լիբանանի անունով բանակցութիւններ կը վարեն` անտեսելով նախագահական դատարկութեան փուլը, եւ այդ պատճառով երկիրը կը հասցնեն խոցելի իրավիճակի մը:
Անդրադառնալով նախագահական ընտրութեան թղթածրարին` Փաղանգաւոր կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդը հաստատեց, որ նախագահական դատարկութեան փուլէն դուրս գալու միակ ելքը կէս ճամբան հարթելով ու ընդդիմութեան հետ հանդիպելով է, որ կարելի կ՛ըլլայ ապահովել, ինչպէս նաեւ Հըզպալլայի կողմէ նախագահական իր թեկնածուէն զիջելով:


