Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայնի համար բաղձալի չէ արտաքին գործոց նախարարութեան հետ գործակցիլ` աւելցնելով, որ ինք կը մեղադրէ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթին, որ այս իմաստով ոչ մէկ կեցուածք որդեգրած է:
Պու Հապիպ նկատել տուաւ նաեւ, որ երբեմն Միքաթի նաեւ իր դերակատարութեան դէմ ոտնձգութիւն կ՛արձանագրէ` արտաքին գործոց նախարարութեան իրաւասութիւնները իր անձին վերագրելով: «Միքաթի չ՛անդրադառնար, որ Լիբանան բազմազանութեան երկիր է», ըսաւ Պու Հապիպ` աւելցնելով, որ իբրեւ քրիստոնեայ ինք կը մերժէ Միքաթիի վարուելակերպը, որովհետեւ ան միջամուխ կ՛ըլլայ քրիստոնեայ համայնքին պատկանող բարձրագոյն պաշտօնին»:
Պու Հապիպ շեշտեց, որ Միքաթի միջազգային պատուիրակները առանձինն կ՛ընդունի: Ան նշեց, որ նոյնիսկ երբ Միքաթի ճամբորդութիւն մը կատարէ, տուեալ երկրին մէջ գտնուող Լիբանանի դեսպաններուն հետ պաշտօնական լուսանկարը առնուելէ ետք, անոնցմէ կը խնդրէ հանդիպումին ընթացքին զինք առանձին ձգել տուեալ երկրին պատասխանատուներուն հետ: «Օրինակ` ես չեմ գիտեր, թէ Միքաթի ի՛նչ ըսած է Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարին, իսկ Միքաթի` չի գիտեր, թէ ես ի՛նչ ըսած եմ կիպրացի պաշտօնակիցիս», յայտնեց Պու Հապիպ:
Խորհրդարանի նախագահին հետ իր յարաբերութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Պու Հապիպ յայտնեց, որ անիկա հեզասահ ընթացքի մէջ է` աւելցնելով, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի կը զօրակցի ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան:
Միւս կողմէ, Պու Հապիպ նշեց, որ ինք Լիբանանի դէմ իսրայէլեան ցամաքային պատերազմ մը չի նախատեսեր, «որովհետեւ Իսրայէլ լաւ գիտէ, թէ նման պատերազմ իրեն համար «պտոյտ» մը պիտի չըլլայ», շեշտեց ան:
Պու Հապիպ նշեց, որ ինք նախկին նախագահ զօր. Միշել Աունի կեցուածքին նման կը մերժէ պատերազմի ճակատները միացնելու ընտրանքը, սակայն իրադարձութիւններուն հետ կը վարուի կատարեալ իրապաշտութեամբ:
Այս շրջագիծին մէջ ան ընդգծեց լիբանանեան բանակը հզօրացնելու կարեւորութիւնը, որպէսզի լիբանանեան բանակը կարելի ըլլայ տեղակայել հարաւային Լիթանիի մէջ:
Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին անդրադառնալով` Պու Հապիպ ընդգծեց, որ այս թղթածրարին հարցով Լիբանանի դէմ դաւադրութիւն կայ:
Իսկ նախագահական ընտրութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Պու Հապիպ շեշտեց, որ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահը պիտի ընտրուի միմիայն ներքին լիբանանեան համաձայնութեամբ` աւելցնելով, որ արտաքին աշխարհը չի կրնար լիբանանցիներուն նախագահ պարտադրել, սակայն կրնայ ճնշում բանեցնել` նախագահական ընտրութիւնը կատարելու: