Լիբանանեան

Մաքրոն Նեթանիահուին Կոչ Կ՛ուղղէ` Լիբանանի Հետ  Ճակատի Բռնկումը Կանխարգիլելու

Մաքրոն Նեթանիահուին Կոչ Կ՛ուղղէ` Լիբանանի Հետ Ճակատի Բռնկումը Կանխարգիլելու

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին «Լիբանանի մէջ Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ կացութեան սրումը կանխարգիլելու բացարձակ անհրաժեշտութիւնը» շեշտած է: Այս մասին հաղորդեց Էլիզէի պալատը: Էլիզէի պալատին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, թէ Մաքրոն «անգամ մը եւս իր մտահոգութիւնը յայտնեց Կապոյտ գիծի երկայնքին Հըզպալլայի եւ Իսրայէլի միջեւ լարուածութեան մագլցումին նկատմամբ եւ բացարձակ անհրաժեշտութիւնը շեշտեց կանխարգիլելու...

Կալանթ. «Ռաֆահէն Դուրս Եկող  Հրասայլը Կրնայ Լիթանի Հասնիլ»

Կալանթ. «Ռաֆահէն Դուրս Եկող Հրասայլը Կրնայ Լիթանի Հասնիլ»

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ նշեց. «Հըզպալլային ամէն օր ցաւալի հարուածներ կը հասցնենք»: Ան աւելցուց. «Ռաֆահէն դուրս եկող հրասայլը կրնայ Լիթանի (գետ) հասնիլ»: «Պիտի շարունակենք ամբողջական պատրաստութեան փուլը, եւ որեւէ գործողութեան կամ լուծումի համար ուժի դիրքի մէջ պիտի ըլլանք», ըսաւ Կալանթ: «Կը նախընտրենք հիւսիսային սահմանին վրայ բանակցութիւններու ճամբով համաձայնութեան հասնիլ, սակայն եթէ պէտք ըլլայ գիտենք ինչպէս կռուիլ», նշեց ան:  ...

Էրտողան. «Իսրայէլեան Յարձակումներուն  Աւելնալն Ու Լիբանանի Դէմ Սպառնական  Հռետորաբանութիւնը Մեզ Շրջանի Ապագայով  Մեծապէս Կը Մտահոգէ»

Էրտողան. «Իսրայէլեան Յարձակումներուն Աւելնալն Ու Լիբանանի Դէմ Սպառնական Հռետորաբանութիւնը Մեզ Շրջանի Ապագայով Մեծապէս Կը Մտահոգէ»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց. «Մեր շրջանին մէջ որեւէ երկիր, ներառեալ Թուրքիան, ապահով պիտի չզգայ, քանի դեռ Կազայի վրայ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի ղեկավարութեամբ իսրայէլեան յարձակումը չէ դադրեցուած»: «Իսրայէլեան յարձակումներուն աւելնալն ու Լիբանանի դէմ սպառնական հռետորաբանութիւնը մեզ շրջանի ապագայով մեծապէս կը մտահոգէ», շեշտեց Էրտողան: «Այնքան ատեն, որ Իսրայէլին արեւմտեան աջակցութիւնը կը շարունակուի եւ իսլամական աշխարհը կը մնայ լուռ, ապա...

Քանի. «Լիբանանը Հաստատաբար Սիոնականներուն  Համար Անվերադարձ Դժոխք Պիտի Ըլլայ»

Քանի. «Լիբանանը Հաստատաբար Սիոնականներուն Համար Անվերադարձ Դժոխք Պիտի Ըլլայ»

Իրանի արտաքին գործոց նախարարի գործակատար Ալի Պաքերի Քանի յայտարարեց. «Լիբանանը հաստատաբար սիոնականներուն համար անվերադարձ դժոխք պիտի ըլլայ»` նշելով. «Դիմադրութիւնը մարտական ու դիւանագիտական դեր խաղաց` նկատի ունենալով, որ աշխուժ դերակատար է, եւ ատիկա զսպումի ստեղծման յանգեցուց»: «Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգին Իրան այցելութիւնը մեր եւ սէուտցիներու օրակարգին վրայ է, եւ այդ այցելութիւնը պիտի քննարկուի Իրանի մէջ նոր կառավարութեան կազմութենէն ետք», յայտնեց Քանի: Պատասխանելով...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ Արաբիոյ դեսպանատունը հաղորդեց, որ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի Եարզէի իր տան մէջ հանդիպում ունեցած է Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնի գործակատար հազարապետ-զօրավար Էլիաս Պայսարիի հետ: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են լիբանանեան եւ շրջանային թատերաբեմերու վրայ վերջին զարգացումները, երկու եղբայրական երկիրներու միջեւ ապահովական գործակցութեան ամրապնդման կարելիութիւններն ու շարք մը հասարակաց հետաքրքրութիւն եղող հարցեր: - «ԺԱՏԻՏ» պատկերասփիւռի կայանի տեղեկութեան համաձայն, Պուլոս...

Խարազի. «Եթէ Իսրայէլ Լայնածաւալ Պատերազմ Շղթայազերծէ, Իրան Հըզպալլային Աջակցելու Համար Բոլոր Միջոցները Պիտի Օգտագործէ»

Խարազի. «Եթէ Իսրայէլ Լայնածաւալ Պատերազմ Շղթայազերծէ, Իրան Հըզպալլային Աջակցելու Համար Բոլոր Միջոցները Պիտի Օգտագործէ»

Իրանեան արտաքին յարաբերութիւններու ռազմավարական բարձրագոյն խորհուրդի նախագահ Քամալ Խարազի յայտնած է. «Եթէ Իսրայէլ Հըզպալլայի վրայ լայնածաւալ յարձակում շղթայազերծէ, շրջանային պատերազմ ծագեցնելու վտանգը պիտի դիմագրաւէ»: Այս մասին հաղորդեց բրիտանական «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթը: «Եթէ Իսրայէլ լայնածաւալ պատերազմ շղթայազերծէ, Իրան Հըզպալլային աջակցելու համար բոլոր միջոցները պիտի օգտագործէ», յայտարարեց Խարազի: Ան ըսաւ, որ եթէ լայնածաւալ պատերազմ ծագի, «ամբողջ լիբանանցի ժողովուրդը, արաբական պետութիւններն ու Դիմադրութեան...

Սէուտական Արաբիան  10 Միլիոն Տոլար Տրամադրեց

Սէուտական Արաբիան 10 Միլիոն Տոլար Տրամադրեց

Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի Աղէտներ հակազդելու «Սալման թագաւոր»-ի կեդրոնին եւ Լիբանանի մէջ Աղէտներու շտապ հակազդելու գերագոյն խորհուրդին միջեւ համագործակցութեան յուշագիրի ստորագրման արարողութեան ընթացքին յայտարարեց. «Սէուտական Արաբիան Լիբանանի մէջ «Սալման թագաւոր»-ի կեդրոնին ճամբով 10 միլիոն տոլարի նիւթական նպաստ պիտի տրամադրէ»: Պուխարի ըսաւ, որ այս աջակցութիւնը բնական արդիւնքն է մարդասիրական եւ աղէտներու շտապ հակազդման աջակցելու, ինչպէս նաեւ Լիբանանի Հանրապետութեան...

Արաբական Լիկան Զաքիի  Յայտարարութենէն Ետդարձ Կատարեց

Արաբական Լիկան Զաքիի Յայտարարութենէն Ետդարձ Կատարեց

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթ յայտնեց, որ լիկայի դիւանը «միշտ յանձնառու կ՛ըլլայ բոլոր նիւթերուն մէջ պետութիւններու որոշումները ամբողջովին գործադրելու նկատմամբ»` աւելցնելով, որ ընդհանուր քարտուղարի օգնական, դեսպան Հուսամ Զաքիին իր կողմէ, իբրեւ անձնական պատուիրակ, լիբանանեան քաղաքական ուժերու հետ հաղորդակցելու իմաստով տրուած պարտականութիւնը Լիբանանին աջակցելու վերաբերեալ, եւ այս առումով ընդհանուր քարտուղարին պարտականութիւն տալու Արաբական լիկայի որոշումներուն գործադրումն է: Հուսամ Զաքի...

24 Յուլիսին Լիբանանի Վերաբերեալ  ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի  Խորհրդակցական Նիստ

24 Յուլիսին Լիբանանի Վերաբերեալ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի Խորհրդակցական Նիստ

ՄԱԿ-ի մօտ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Վասիլի Նեփենզիա յայտարարեց, որ Ռուսիան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի իր նախագահութեան ընթացքին Սուրիոյ, Եմէնի եւ Լիբանանի վերաբերեալ նիստեր պիտի հրաւիրէ: Նեփենզիա մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Որոշուած է 22 յուլիսին Սուրիոյ մէջ մարդասիրական կացութեան շուրջ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի քննարկումի եւ խորհրդակցութեան նիստ գումարել, եւ խօսք առնողը պիտի ըլլայ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Կիր Փեթերսոնը»:...

Քանի. «Թել Աւիւ Սուղ Գին Պիտի Վճարէ, Եթէ Յարձակում Կատարելու Սխալը Գործէ, Որովհետեւ Լիբանանեան Դիմադրութեան Ուժերը Կատարելապէս Պատրաստ Են Հակադարձելու»

Քանի. «Թել Աւիւ Սուղ Գին Պիտի Վճարէ, Եթէ Յարձակում Կատարելու Սխալը Գործէ, Որովհետեւ Լիբանանեան Դիմադրութեան Ուժերը Կատարելապէս Պատրաստ Են Հակադարձելու»

Իրանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ալի Պաքերի Քանի յայտնեց, որ  Լիբանանի մէջ Իսրայէլի գործելիք որեւէ սխալ անոր շահերուն պիտի չծառայէ եւ շրջանային մակարդակի վրայ նոր պայմաններ պիտի ստեղծէ` շեշտելով, որ Լիբանանի մէջ Դիմադրութիւնը հակադարձելով բռնագրաւումին շատ սուղ գին վճարել պիտի տայ: Քանի Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտնեց, որ «լիբանանեան Դիմադրութեան ուժերը կատարելապէս պատրաստ են...

Օլմերթ. «Հըզպալլայի Հետ Համապարփակ Պատերազմը Վատ Գաղափար Է` Իսրայէլ Աննախադէպ Կերպով Պիտի Ցաւի, Իսկ Լիբանանը Պիտի Չքանայ»

Օլմերթ. «Հըզպալլայի Հետ Համապարփակ Պատերազմը Վատ Գաղափար Է` Իսրայէլ Աննախադէպ Կերպով Պիտի Ցաւի, Իսկ Լիբանանը Պիտի Չքանայ»

Իսրայէլի նախկին վարչապետ Էհուտ Օլմերթ յայտնեց, որ Հըզպալլայի հետ պատերազմը վատ գաղափար պիտի ըլլայ, որովհետեւ «Իսրայէլ պիտի ցաւի այնպէս մը, որ իր պատմութեան մէջ չէ ցաւած»: Օլմերթ «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Ամերիկացիները յայտնեցին, որ եթէ հիւսիսի մէջ համապարփակ պատերազմ ծագի, հաւանական է, որ Լիբանանը չքանայ: Զանգուածային ոչնչացում պիտի ըլլայ, ատիկա ընելու կարողութիւնը ունինք, սակայն միեւնոյն ժամանակ, եթէ Հըզպալլան իր...

Միքաթի Հանդիպում Ունեցաւ Քաթարի Դեսպանին Հետ

Միքաթի Հանդիպում Ունեցաւ Քաթարի Դեսպանին Հետ

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի հանդիպում ունեցաւ Քաթարի դեսպան Սէուտ պըն Ապտելռահման պըն Ֆատել Ալ Թանիի հետ: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան քաղաքական բոլոր իրադարձութիւններն ու երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները: Միքաթի հանդիպումի ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնեց Քաթարին` Լիբանանի կողքին կանգնելուն համար, եւ խնդրեց Քաթարի վարչապետ շէյխ Մոհամետ պըն Ապտելռահման պըն Ժասեմ Ալ Թանիի փոխանցել անհրաժեշտութիւնը «զինուորականներու ամսականներուն աջակցելու համար քաթարեան դրամական նոր նուիրատուութեան, որուն...

8 Տարի Ետք.  Արաբական Լիկան Հըզպալլան «Ահաբեկչական Կազմակերպութիւն» Նկատելէն Ետդարձ Կը Կատարէ

8 Տարի Ետք. Արաբական Լիկան Հըզպալլան «Ահաբեկչական Կազմակերպութիւն» Նկատելէն Ետդարձ Կը Կատարէ

Հըզպալլան «ահաբեկչական կազմակերպութիւն» որակելէն 8 տարի ետք, Արաբական լիկան ետդարձ կատարեց: Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Հուսամ Զաքի յայտարարեց, որ լիկան Հըզպալլան այլեւս ահաբեկչական կազմակերպութիւն չի նկատեր: Ան այս մասին յայտարարեց Պէյրութ իր այցելութենէն ետք «Գահիրէ» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին: Զաքի բացատրեց, որ Արաբական լիկան նախապէս որոշած էր Հըզպալլան «ահաբեկչական կազմակերպութիւն» որակել, ինչ որ պատճառ դարձած էր անոր...

Հարաւ Իր Այցելութեան Աւարտին.  Միքաթի. «Դիմադրութիւնը Իր Պարտականութիւնը Կը Կատարէ, Լիբանանեան Կառավարութիւնը Եւս Կը Կատարէ, Եւ Մեր Նպատակը Երկիրը Պաշտպանելն Է»

Հարաւ Իր Այցելութեան Աւարտին. Միքաթի. «Դիմադրութիւնը Իր Պարտականութիւնը Կը Կատարէ, Լիբանանեան Կառավարութիւնը Եւս Կը Կատարէ, Եւ Մեր Նպատակը Երկիրը Պաշտպանելն Է»

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի հարաւային Լիբանան իր ստուգողական այցելութեան աւարտին յայտնեց. «Այսօր Սուր քաղաք այցելութիւնը բազմերես պատգամներ ունի, առաջին երեսը կը վերաբերի այցելութեանս բանակին մէջ Լիթանիէն հարաւի շրջանի հրամանատարութեան, որ կը վստահեցնենք, որ հայրենիքի թիկունքն ու դարպասն է: Այդտեղ սպաները ինծի կէս ժամուան տեւողութեամբ ներկայացուցին բանակի պատրաստութիւնն ու կացութիւնը, եւ հաստատօրէն կարիքը կայ սպառազինութիւնն ու զինուորները աւելցնելու` ամբողջական կերպով գործադրելու...

Նասրալլա. «Շրջանին Մէջ Դիմադրութեան Ձեռքբերումները Մեր Ժողովուրդը Դրին Մեծ Յաղթանակին` Պաղեստինի Ազատագրութեան Ճամբուն Վրայ»

Նասրալլա. «Շրջանին Մէջ Դիմադրութեան Ձեռքբերումները Մեր Ժողովուրդը Դրին Մեծ Յաղթանակին` Պաղեստինի Ազատագրութեան Ճամբուն Վրայ»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա Իրանի Մաշհատ քաղաքին մէջ Աքսայի պաշտպանութեան եւ Դիմադրութեան ճակատի նահատակներու միջազգային խորհրդաժողովին իր յղած պատգամին մէջ յայտնեց. «Նահատակներուն ձեռքբերումներն ու այն ինչ որ անոնց թափած արիւնը իրագործեց, անոնց մեզի տուած յաղթանակներն ու ազատագրումները միշտ ու ամէն օր մեր առջեւ են»: «Այսօր այն, ինչ որ Կազայի եւ բռնագրաւեալ Պաղեստինի մէջ մեր հարազատները կը մատուցեն` տասնեակ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- ՄԱԿ-Ի մօտ Իրանի ներկայացուցչութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Հակառակ անոր որ Իրան սիոնական վարչակարգին` Լիբանանը յարձակումի ենթարկելու իր մտադրութեան մասին գովազդները հոգեբանական պատերազմ կը նկատէ, եթէ վերջինս լայնածաւալ զինուորական յարձակումի ձեռնարկէ, ատիկա բուռն պատերազմի պիտի յանգեցնէ: Բոլոր ընտրանքները, ներառեալ Դիմադրութեան բոլոր ճակատներուն ամբողջական մասնակցութիւնը սեղանի վրայ են»: - ԻՍՐԱՅԷԼԻ արտաքին գործոց նախարար Եիսրայէլ Քաց յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ Իսրայէլի...

Զաքի. «Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ներկայ Մագլցումը Կարելի Չէ Վերահսկողութեան Տակ Առնել, Առանց Կազայի Մէջ Ամբողջական Զինադադարի Հաստատման»

Զաքի. «Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ներկայ Մագլցումը Կարելի Չէ Վերահսկողութեան Տակ Առնել, Առանց Կազայի Մէջ Ամբողջական Զինադադարի Հաստատման»

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Հուսամ Զաքի յայտնեց. «Այցելութիւնս Լիբանանի եւ անոր ժողովուրդին նկատմամբ զօրակցական բնոյթ, եւ երկու բաժին ունի, առաջինը կը վերաբերի մագլցումին հարաւային Լիբանանի մէջ, ուր Լիբանան կը դիմագրաւէ վտանգաւոր մարտահրաւէրներ, որոնք կը վտանգեն անոր ապահովութիւնն ու կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ ամբողջ շրջանի ապահովութիւնն ու կայունութիւնը, եթէ հարաւային սահմանին վրայ պատերազմը ընդլայնի»: Ան այս առումով նշեց, թէ Արաբական լիկան...

Աղբիւրներ Ամերիկեան «Էն. Պի. Սի.»-ին.  Ամերիկան Պատրաստ Է Իր Քաղաքացիները Լիբանանէն Հեռացնելու, Եթէ Իսրայէլ-Հըզպալլա Կռիւը Սաստկանայ

Աղբիւրներ Ամերիկեան «Էն. Պի. Սի.»-ին. Ամերիկան Պատրաստ Է Իր Քաղաքացիները Լիբանանէն Հեռացնելու, Եթէ Իսրայէլ-Հըզպալլա Կռիւը Սաստկանայ

Ամերիկացի պաշտօնատարներ ամերիկեան «Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած են. «Յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին Լիբանանի վրայ Իսրայէլի յարձակումներու եւ հաւանական ցամաքային յարձակումի մը շղթայազերծման նկատմամբ մեր մտահոգութիւնները կ՛աճին, եւ իսրայէլացի պաշտօնատարները մտադիր են հակառակ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի ճնշումներուն Լիբանանի մէջ Հըզպալլան հետապնդել»: «Իսրայէլ կ՛ուզէ Լիբանանի հետ սահմանին վրայ 16 քիլոմեթր երկայնքով մեկուսիչ տարածք ստեղծել», նշած են աղբիւրները: Իսրայէլացի պաշտօնատար մը իր...

Այզենքոթ. «Իսրայէլ Եւ Նասրալլա Լայնածաւալ Պատերազմ Չեն Ուզեր, Սակայն Լուծումի Բացակայութեան Անոր Հաւանականութիւնը Բարձրացաւ»

Այզենքոթ. «Իսրայէլ Եւ Նասրալլա Լայնածաւալ Պատերազմ Չեն Ուզեր, Սակայն Լուծումի Բացակայութեան Անոր Հաւանականութիւնը Բարձրացաւ»

Իսրայէլի նախարարաց պատերազմական սեղմ խորհուրդի նախկին անդամ Կատի Այզենքոթ յայտնեց. «Թէ՛ Իսրայէլ, թէ՛ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար Հասան Նասրալլա լայնածաւալ պատերազմ չեն ուզեր, որովհետեւ անոր գինը սուղ է, սակայն լուծումի բացակայութեան անոր ծագման հաւանականութիւնը բարձրացաւ»: «Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն ձախող մըն է եւ որոշումներու բացակայութեան կրնայ Իսրայէլը առաջնորդել վտանգաւոր շրջաններ, ինչպէս` Կազայի մնայուն վերահսկողութիւն», շեշտեց Այզենքոթ: «Պէտք է բոլոր անոնք, որոնք...

Պուխարի. «Սէուտական Արաբիան Նախանձախնդիր Է, Որ Լիբանանն Ու Անոր Ժողովուրդը Դուրս Գան Իրենց Ճգնաժամէն»

Պուխարի. «Սէուտական Արաբիան Նախանձախնդիր Է, Որ Լիբանանն Ու Անոր Ժողովուրդը Դուրս Գան Իրենց Ճգնաժամէն»

Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի երէկ այցելեց հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանին` Ատհայի տօնին եւ ուխտագնացութեան առիթով շնորհաւորելու համար: Տար Ֆաթուայի տեղեկատուական գրասենեակը հաղորդեց, որ հանդիպումի ընթացքին «քննարկուեցան իսլամական, ազգային եւ արաբական հարցեր»: Սէուտական Արաբիոյ դեսպանը շեշտած է «նախագահի ընտրութեան հոլովոյթը ամբողջացնելու կարեւորութիւնը եւ յայտնած, որ Սէուտական Արաբիան նախանձախնդիր է, որ Լիբանանն ու անոր ժողովուրդը դուրս գան...

Page 196 of 986 1 … 195 196 197 … 986

Արխիւներ